ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ
Այս առաւօտ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) ամառնային ճամբարը, որ տեղի կ՚ունենայ այս եւ յաջորդ շաբթուան ընթացքին։ Նկատի ունենալով համավարակի պայմանները, հովիւ եւ հոգաբարձութիւն յարմար դատած էին սահմանափակել ներկայութեան թիւը՝ ճամբարի մասնակիցներուն թիւը բաժնելով 50 հոգինոց երկու խումբերու։ Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի նախաձեռնութիւնը, որ լաւագոյն վկայութիւնն է եկեղեցւոյ ժրաջանութեան, նաեւ դրուատեց բոլոր գործակիցներուն յանձնառութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն՝ եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան համար։