ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 12 Յուլիսի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միաբան հայրերը, մաղթելով, որ ամրան յառաջիկայ ամիսները օրհնաբեր շրջան մը դառնան։ Ան յիշեցուց, որ Ս. Աթոռի միաբանութիւնը, վանաբնակ թէ թեմերու մէջ, նոյն սկզբունքներով, արժէքներով ու նպատակով գործող ու ծառայող մէկ ամբողջութիւն է, միաբան հայրերու ուշադրութեան յանձնելով, թէ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ: Հետեւաբար, հարկ է, որ մեր հոգեւոր մշակները աւելի ամրապնդեն իրենց ծառայական յանձնառութիւնը, ցուցաբերելով ժուժկալ ու նախանձախնդիր կեցուածք:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, շարունակելով յատկապէս վերջին երկու տարիներու աշխատանքը, յառաջիկայ շաբաթ իր աջակցութիւնը պիտի բերէ լիբանանահայ 2000 կարիքաւոր ընտանիքներու, միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ:
Ողջունելով համալսարանական ուսման հետեւող երկու միաբաններու ներկայութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ բարձրագոյն ուսումը կը շարոիւնակէ առաջնահերթութիւն ըլլալ, միաժամանակ ընդգծելով, որ ուսումը պէտք է ծառայութեամբ արժեւորել: Աւելցուց, որ նախկին տեսուչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը սկսած է Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը, ուսուցչական կազմն ու ժամանակացոյցը վերատեսութեան ենթարկել, նկատի ունենալով ներկայ պայմանները:
Վեհափառը ողջունեց հինգ նորընծայ աբեղաներու առաջին մասնակցութիւնը միաբանական հաւաքին, եւ իր խօսքի աւարտին, վանական նոր պաշտօններ յանձնեց միաբան հայրերուն, միաժամանակ կարգ մը միաբաններ վերահաստատելով իրենց ներկայ պաշտօնին մէջ: