Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ԺՈՂՈՎ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 15 Յուլիսի միջօրէին, նախաձեռնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, թեմերու հերթական ժողովի կարգով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Zoom-ով ժողով ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետներուն՝ տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեանի եւ Գրիգոր Մահսերէճեանի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ՝ տիար Խաչիկ Տէտէեան։ Վեհափառ Հայրապետը, բարձրօրէն գնահատելէ ետք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի կատարած ծառայութիւնը, հրաւիրեց, որ Սրբազան Հայրը ներկայացնէ թեմէն ներս տարուած աշխատանքները։

Անուշաւան Սրբազան համապարփակ կերպով ներկայացուց թեմիս կրօնական, մշակութային, ընկերային, կազմակերպչական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ տնտեսական պատկերը։ Գոհունակութեամբ ընկալուեցան նաեւ իր պատասխանները ժողովականներու հարցումներուն։ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց թեմէս ներս եղած բազմակողմանի ծառայութիւնը եւ յատկապէս շեշտեց Լիբանանի ներկայ տագնապին մէջ թեմի լայն օժանդակութիւնը լիբանանահայութեան։