Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին ու Հայ Դատի գրասենեակը եւ մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթքին՝ յունական Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Չորեքշաբթի, 14 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ուաշինկթըն, ուր հանդիպեցաւ ԱՄՆի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Վարուժան Ներսէսեանի հետ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։ Ջերմ եւ սիրալիր զրոյցի ընթացքին, անոնք միասնաբար քննարկեցին ներկայ իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց դեսպանի Ներսէսեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին ձեռնհասութիւնը՝ մշտական կերպով կապ պահելու ամերիկահայ իրականութեան մէջ գործող եկեղեցական եւ աշխարհական դասուն հետ։ Դեսպան Ներսէսեան, աւարտած ըլլալով իր առաքելութիւնը, մօտ ատենէն կը վերադառնայ Հայաստան։

Այնուհետեւ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Տէր Հօր ընկերակցութեամբ, այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ամառնային վարժընթացի (internship) մասնակցող երիտասարդներուն հետ։ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հայ Դատի գրասենեակի կատարած անխոնջ աշխատանքը ի խնդիր մեր իրաւունքներուն ճանաչման՝ թէ՛ դաշնակցային եւ թէ՛ նահանգային մակարդակներու վրայ։ Ան նաեւ քաջալերեց երիտասարդները իրենց յանձնառութեան համար՝ անոնց մէջ ողջունելով վաղուան գիտակից իրաւատէր սերունդը։

Նոյն երեկոյ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, դարձեալ Տէր Սարգիսի ընկերակցութեամբ, մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթքի մը, որ կազմակերպուած էր In Defense of Christians կազմակերպութեան եւ Յոյն Եկեղեցւոյ Առաջնորդութեան կողմէ՝ յունական Ս. Սոֆիա Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Ձախէն աջ՝ Արայիկ Մարգարեան՝ դեսպանի փոխանորդ, Դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի ամառնային վարժընթացի մասնակիցներուն հետ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեանի եւ ամառնային վարժընթացի մասնակիցներուն հետ