Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԸ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելութիւն մը տուաւ Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսեթս) ծուխին։ Ան նախագահեց ու քարոզեց Ս. Պատարագին, զոր մատոյց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Վարդավառի յատուկ արարողութեան։