Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԷՋ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 11 Յուլիս)

Այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան ու Պայծառակերպութեան, ընդ որս եւ ազգային ժառանգութեամբ աւանդուած Վարդավառի տօները։ Մատթէոս Աւետարանիչ կը պատմէ, թէ Յիսուս իր հետ առնելով Պետրոս, Յակովբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, Թափօր լեռ բարձրանալով կ՚այլակերպի անոնց առջեւ եւ արեւէն աւելի լուսապայծառ կը դառնայ։ Այս միջոցին, Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները կ՛երեւին Անոր կողքին։ Պետրոս, յափշտակուած այս երկնատեսիլ վայելքէն, կը գոչէ, «Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար»։ Մինչ այդ, լուսաւոր ամպ մը կը ծածկէ զիրենք, ամպին մէջէն ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէր. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17 1-9):

Մեր Տիրոջ երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, առաքեալները հիացումի ալիքներով ողողուած էին, ականատես ըլլալով Անոր գործած բազմատեսակ հրաշքներուն։ Բարթողիմէոս Առաքեալ Քրիստոսի հետ իր առաջին իսկ հանդիպումին անվարան խոստովանած էր. «Դո՛ւն ես  Աստուծոյ Որդին» (Յհ 2.49)։  Այլակերպութենէն վեց օրեր առաջ Պետրոս Առաքեալ դաւանած էր. «Դո՛ւն Մեսիան ես, Կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16)։ Այսուամենայնիւ, Այլակերպութեան փորձառութիւնը լրիւ իւրայայտուկ էր։ Ուստի, Քրիստոսի ընտրեալ երեք Աշակերտներու եթերային վայելքէն շող մը ճաշակելով, մեր հաւատքը ամրապնդենք աստուածային բիւր բարիքներով։

ա․ Առաքեալները Քրիստոսի Պայծառակերպումով ականատես եղան Անոր աստուածային փառքին։ Ան՝ որուն Սերովբէներն ու Քերովբէներն անգամ չէին համարձակեր նայիլ, այժմ Պետրոս, Յակովբոս եւ Յովհաննէս մահկանացու աչքերով կ՛ըմբոշխնէին եթերային փառքը Աստուծոյ։ Այլակերպութիւնը, որքան որ հրաշք մըն էր ինքնիր մէջ, Յիսուս իր Առաքեալներուն ընդմէջէն երկնայինին ճաշակը տուաւ բոլոր դարերու Իրեն հետեւող հաւատացելներուն։ Ի զուր չէ, որ երրորդ երկնքի տեսութեան արժանացող Պօղոս Առաքեալ կը գոչէր. «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած» (1 Կր 2.9)։ Իրա՛ւ, որ այնքան ատեն հողեղէն այս անօթին՝ մարմնին մէջ ենք, չե՛նք կրնար լիովին ըմբռնել Յիսուս Քրիստոսով յայտնուած խորհուրդին գեղեցկութիւնն ու խորքը, բայց եւ այնպէս բանականութեամբ օժտուած արարածներ, մեր առօրեային մէջ երբ որեւէ բանի փոքր ճաշակն իսկ ունենանք՝ ուրախութիւն թէ ցաւ, կերակուր կամ ըմպելիք, մեր դատողութիւնը գործածելով կրնանք շօշափելի եզրակացութեան յանգիլ անոր էութեան, նմանապէս որպէս Աստուծոյ որդիներ՝ բանականութեամբ ու ոգեղէն ճանաչումով զարդարուած, Այլակերպութեան վկայ Առաքեալներուն հետ ճաշակը ունենալով Աստուծոյ փառքի տեսութեան, կրնանք պատկերացնել գերագոյն այն ուրախութիւնը, երբ ներկայութեանը մէջ պիտի գտնուինք բոլոր գեղեցկութեանց եւ ցնծութեանց Աղբիւրին։

բ․ Երկնաւոր Հօր վկայութեան հետ, թէ «ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս», Քրիստոսի կողքին այս զոյգ մարգարէներուն երեւումը բացառիկ նշանակութիւն ունի։ Տարբեր առիթներով մեր Տէրը նշած է, որ Օրէնքն ու մարգարէութիւնները աստուածապաշտ կեանք մը վարելու զոյգ բեւեռներն են (Մտ 5,17; 7.12; 22.40, Ղկ 16.16;24.45, Յհ 1.45)։ Հետեւաբար, Օրէնքը եւ մարգարէները ներկայացնող ոգեղինացած հողեղէն այս զոյգ մարգարէները իրենց վկայութիւնը տուին Յիսուսի աստուածային ինքնութեան, որ հանդիսաւոր կերպով յայտնուեցաւ երկնաւոր Հօր կողմէ։ Ինչպէս որ Յիսուս Ի՛նք շեշտեց թէ Օրէնքն ու մարգարէները կախեալ են զԱստուած եւ դրացին սիրելէ (Մտ 22.37-39),  զոյգ մարգարէները լռելեան վկայեցին թէ Օրէնքի եւ Մարգարէութեանց կորիզը Աստուծոյ Մարդացեալ Սէրն է, Յիսուս Քրիստոս, որուն պէտք է մտիկ ընենք։

գ․ Պետրոս Առաքեալ, յափշտակուած Այլակերպուած Վարդապետին տեսքով, իր անմեղ խնդրանքով, թէ «Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք», կը նոյնանայ բոլոր դարերու հաւատացեալ սրտերուն հետ որոնք բռնկած են Քրիստոսի սիրով։ Այս փորձառութիւնը ոչ միայն ի հոգեւորս, այլ նաեւ մեր ընթացիկ կեանքին մէջ ճշմարտութիւն մըն է բոլորիս համար։ Երբ շրջապատուած ենք սիրելիներով, կ՚ուզենք անվերջ ըլլայ այդ վայելքը եւ ըմբոշխնենք այդ ընկերակցութիւնը՝ անդրանցնելով ժամանակի սահմանները։

Հետեւաբար, շուքի նման մեր երկրաւոր ուրախութիւնը միախառնելով  յաւերժական Սիրեցեալի փառքը ըմբոշխնող Առաքեալներու ակնթարթային փորձառութեան, ապրինք աստուածակեդրոն կեանք մը, որպէսզի  յաւերժ ուրախանանք ցնծութեան Աղբիւր մեր երկնաւոր Հօրմով, Իր կենսատու եւ կենդանարար Որդիով եւ Սուրբ Հոգիով։ Ամէն։