ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ «ՄԵՐ ԱՉՔԵՐԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՆ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ»
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ “CROSSROADS”Ի ՀԵՏ
Հ.- Սրբազան Հայր, արդեօք կարելի՞ է ըսել, յետադարձ հայեացքով, որ Եկեղեցին դիմագրաւեց պսակաձեւ ժահրի ներկայացուցած մարտահրաւէրները ի նպաստ իրեն, սկիզբ տալով զարգացման նոր շրջանի մը, օրինակ՝ հաւատացեալներուն հետ նոր կապեր ստեղծելով, արհեստագիտութեան ընծայած նոր միջոցներէն օգտուելով։
Պ.- Եկեղեցին՝ իր Հիմնադրին նման կոչուած ըլլալով բարիով պայքարելու եւ յաղթահարելու ամէն չարի, ինչպէս պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, նմանապէս այսօր՝ նորօրեայ մահացու մարտահրաւէրի դիմաց գտնուելով, ամենայն յաջողութեամբ կրցաւ իր ծառայութիւնը շարունակել։ Ծիսական կեանքին մէջ առժամեայ շեղում արձանագրելով հանդերձ աւանդական ընթացքէն, երբե՛ք չշեղեցաւ իր առաքելութենէն, որ է Աւետարանել՝ Բարի լուրը տարածելով, եւ ներկայի տագնապէն ալեկոծեալ ու խռոված հոգիներուն խաղաղ նաւահանգիստ հանդիսանալով։
Այս ծիրէն ներս անգամ մը եւս ճշմարտուեցաւ, որ Հաւատք եւ Գիտութիւն գործակից են իրարու։ Առ այդ, արհեստագիտութիւնը դարձաւ հոյակապ միջոց մը հոգեպէս միացնելու՝ ֆիզիքապէս բաժնուածները։
Հ.- Շատ հաւանաբար, հեռակայ կարգի ստեղծած հնարաւորութեան շնորհիւ, Արեւելեան Թեմին առցանց հօտը իր պաշտօնական աշխարհագրական սահմաններէն դուրս աճեցաւ։ Օրինակ, այսօր Թեմը ուրիշ նահանգներէ եւ երկիրներէ հետեւողներ ունի։ Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք այս երեւոյթը։
Պ.- Շատ ճիշդ է ձեր հարցադրումը։ Հեռակայ կարգի ստեղծուած հնարաւորութիւնը նոր տարածք մը բացաւ մեր ծառայութեան մէջ։ Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ եթէ ըսեմ որ պսակաձեւ կամ թագաձեւ ժահրը որքան որ աղէտ հանդիսացաւ, նոյնքան եւ մեր աչքերը բացաւ եւ աւետարանչութեան եւ մեր ինքնութիւնը դարբնելու նոր հորիզոններ բացաւ։ Այսպէս կոչուած նախաժահրի շրջանին, ինչպէս ամէն եկեղեցի, նմանապէս Ազգային Առաջնորդարանը իր ներուժը կը գործածէր տեղական հոգեմտաւոր ու ընկերային կարիքներու գոհացում տալու տենդագին աշխատանքով։ Ժահրի մարտահրաւէով ծնունդ առած մեր բոլոր ծրագիրները որոնք սփռուեցան՝ Սուրբ Պատարագ, «Աղօթք Ժողովուրդին հետ», «Աղօթք Հիւանդաց եւ Ննջելոց համար», «Հաւատք եւ Ընտանիք», Խորհրդածութիւններ, Սուրբ Գրքի Սերտողութիւն, Դասախօսութիւններ, երիտասարդական ու մանկապատանեկան յայտագիրներ, եւն․, բառին վաւերական իմաստով անդրանցնելով տարածքի սահմանափակ հասկացողութիւնը, դրական արձագանգներ ունեցան նոյնիսկ ովկիանոսէն անդին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կողմէ։ Մեր անմիջական հօտին խնամատարութեան զուգահեռ արտահաս այս միջոցառումը ինքնին Աւետարանչութեան եւ ինքնութեան վերակերտումի խոստմնալից նոր դաշտ մը բացաւ, որ վստահ եմ հետզհետէ առաւել եւս պիտի զարգանայ։
Հ.- Պսակաձեւ ժահրին յաջորդող այս փուլին, ի՞նչ խնդիրներու առջեւ կը գտնուին Եկեղեցին եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Պ.- Անկասկած որ վերեւ յիշուած մեր ծրագիրները մեծ օրհնութիւն եղան։ Ազգային Առաջնորդարանը եւ մեր հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւններն ու յարակից մարմինները, ընդ որս եւ մեր բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները ո՛չ մէկ ջանք խնայեցին պարտադրուած այս առանձնացումը ըստ կարելւոյն նուազագոյնի իջեցնելու։ Այսուհանդերձ, Արիսոտէլեան բնութագրումով՝ մարդը ընկերային կենդանի արարած ըլլալով, օդի շնչառութեան նման պէտք ունի ընկերային կեանքի։
Որքան որ հեռակայ կարգով նորաստեղծ յայտագիրներ իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցան, անփոխարինելի է ընկերային կեանքի բարիքներու կարօտը՝ Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարումը, եկեղեցական եւ ազգային ու մշակութային ձեռնարկներու եւ տօնախմբութիւններու ստեղծած հաւաքական բարիքները։ Այս ամէնքը մաս կը կազմեն մեր լինելութեան՝ որպէս հոգեմտաւոր բանաւոր արարածներ։ Երկնակամարին վրայ յոյսի բարենպաստ ամպերը դժբախտաբար Ժահրային նոր ալիքներու սպառնալիքներու պատճառաւ կը քշուին ու կը տարուին, ուշացնելով ակնկալուած բնականոն կեանքի վերադարձը եւ խորացնելով կորսուածը գտնելու կարօտը։
Ի վերայ այսր ամենայնի, մեր Հայրենիքին ու Արցախի մէջ ստեղծուած ողբերգութեանց եւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանեան քաղաքատնտեսական ու ընկերային տագնապին դիմաց, կը գտնուինք անակնկալներով յղի իրադարձութեանց առջեւ։
Դ. Ի՞նչ պատգամ ունիք հաւատացեալներուն։
Պատգամէ աւելի, կ՚ուզէի բաժնել Աստուածաշունչ մատեանէն եւ մեր ժողովուրդի փորձառական կեանքէն քաղուած Իմաստութիւնը։
Սաղմոսերգուն իր անձնական կեանքի արհաւիրքին բաժնեկից դարձնելով հանդերձ, մեզ մասնակից կ՚ընէ իր իրապաշտ լաւատեսութեան, երբ կ՚ըսէ․ «Երբոր մահուան որոգայթները զիս պաշարեցին, մահուան աշխարհին տագնապով բռնուեցայ, երբ նեղութիւն եւ անձկութիւն ունեցայ՝ ՏԷՐԸ օգնութեան կանչեցի, ըսելով. «Կ’աղաչեմ, ՏԷ՜Ր, ազատէ՛ զիս»: Բարեգութ է ՏԷՐԸ եւ արդար. մեր Աստուածը կ’ողորմի: ՏԷՐԸ կը պահէ անօգնականը» (Սղ 116.3-5)։
Երբ Յովհաննէս Թումանեան «Յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք» կ՛երգէր, իսկութեան մէջ իր ժողովուրդը շրջապատուած էր դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպող մահասփիւռ իրականութեամբ։ Յուսահատութեան այս անդունդին մէջ է, որ Հաւատքով առլցուն եւ մարգարէական շունչով տոգորուած անմահանուն բանաստեղծը հայ երկնակամարը ողողեց Յոյսի եւ Լոյսի շողերով։
Իսկ երբ ականջ տանք հայ աշուղին, անոր սրտի խօսքն է՝ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՚երթան»։
Հինգ հազար տարիներու գոյապայքարի մէջ աստուածապարգեւ իր ինքնութիւնը պահպանող հայ ժողովուրդը, ո՛չ մէկ կասկած որ քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին անել թուացող այս փապուղիէն դուրս պիտի գայ իր սերունդին յատուկ խաչակրութեամբ՝ Յարուցեալին Հաւատքով, բոլոր սուրբերու եւ հերոսներու Յոյսով, եւ իրարօգնութեան Սիրով։