Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՎԱԶԳԷՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԷՔԻԱՐԵԱՆԻ

Արեւելեան Ամերիկայի Թեմիս Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ Հոգեւորականաց Դասը խոր ցաւով կը գուժեն վախճանումը

Տ. ՎԱԶԳԷՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԷՔԻԱՐԵԱՆԻ

(Ծնեալ Նիկոսիա, Կիպրոս՝ 1929ին)

որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 27 Յուլիսի առաւօտ, Ուստըրի իր բնակարանին մէջ։

Վախճանեալ Տէր Հօր Տան Կարգը պիտի կատարուի
Ուրբաթ 30 Յուլիս, 2021ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին,
Ուստըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Սուրբ Պատարագ եւ Օծման Կարգ՝ Շաբաթ առաւօտ, ժամը 9:30ին։

Թաղումը տեղի պիտի ունենայ Ուստըրի Hope գերեզմանատան մէջ։

  Յանուն Թեմիս Առաջնորդին, Կրօնական Ժողովին,
Ազգային Վարչութեան եւ Հոգեւորականաց Դասուն
խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք լուսահոգի Տէր Հօր երէցկնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ բոլոր հարազատներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ