Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՍԻՐՈՅ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 25 Յուլիս)

Այսօր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան երրորդ Կիրակիի Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանիչէն 19.3-12։ Փարիսեցիները, մտածելով որ Մովսէս մարգարէի անունով երբ խօսին, իրենց հեղինակութիւնը անխոցելի կը մնայ, կը հարցաքննեն Յիսուսը, թէ մարդ մը կրնա՞յ որեւէ պատճառի համար արձակման թուղթ տալ կնոջ՝ այլ խօսքով ամուսնալուծուիլ։

Ամուսնալուծումը, որ բարոյական, ընկերային, ինչպէս նաեւ կրօնական հարց մըն է, ի հնուց անտի զբաղեցուցած  է մարդկութիւնը։ Կասկած չկայ, որ մարմնական, հոգեբանական, ընկերային, յարաբերական, տնտեսական եւ այլ ազդակներ առնչուած  են այս կնճռոտ հարցին հետ, որոնք պատճառ կը դառնան այնքան ազնուական եւ հիմնական այս կառոյցին քայքայման։ Ուստի, լսենք մեր Երկնաւոր Ուսուցիչին դրական մօտեցումը այս փշոտ տագնապին կապակցաբար։

ա․ Մեր Տէրը, հաւատարիմ իր ուսուցման եղանակին, երբ նենգամիտ հարցում ուղղուէր Իրեն, ուղղակի արմատներուն կը դիմէր այդ ժխտական երեւոյթին, զայն նկատելով  շեղում՝ աստուածային տնօրինութենէն, եւ ըստ այնմ կը լուսաբանէր զայն։ Քրիստոս, քաջ գիտնալով զինք փորձութեան թակարդի մէջ ձգել ուզողներուն մտադրութիւնը, անոնց կը ներկայացնէ ամուսնութեան էութիւնը, Արարիչին կողմէ հաստատուած, եւ կը յիշեցնէ իրենց, թէ «Աստուած մարդ արարածը ստեղծեց Իր պատկերով ու նմանութեամբ, Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն ստեղծեց զանոնք։ Աստուած արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։ Աստուած օրհնեց զանոնք եւ ըսաւ․- Աճեցէք եւ բազմացէք ու լեցուցէք երկիրը եւ տիրեցէք անոր» (Ծն 1.27)։

բ․ Խիստ կենսական է հասկնալ Աստուածաշունչի պատգամը, որ վերահաստատուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, թէ Աստուած Իր պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծեց մարդ արարածը։ Ուստի, Ստեղծագործին էութիւնը եւ ստեղծագործութեան ձգողական ոյժը Սէրը ըլլալով, նոյն Սէրը պէտք է հանդիսանայ նուիրական կապը ամուսնին եւ կնոջ միջեւ, եւ անոնց միացումը լիովին պէտք է ցոլացնէ Արարիչին սիրոյ սկզբնական պատկերը։

գ․ Դրախտին մէջ, Չարը միջամտելով խաբեց եւ հեռացուց մեր նախահայրն ու նախամայրը Աստուծմէ՝ իրենց սիրոյ էութենէն։ Մինչեւ օրս ամէն միջոց գործածելով, ան կը փորձէ ջլատել ամուսնական սէրը այր եւ կնոջ միջեւ։ Այսպիսով, անոնք կը կորսնցնեն ամենէն թանկագին բանը եւ կ՚առաջնորդուին բաժանումի՝ ամուսնալուծման, որ նոյնիսկ փաստաբաններու կողմէ ձեւաւորուած աշխարհիկ բացատրութեամբ՝ մահուան փորձառութիւն մըն է։

դ․ Պօղոս Առաքեալ՝ Քրիստոնէութեան հաւատքի ջատագովը, լաւապէս ըմբռնած էր, որ Սէրը՝ համաշխարհային մակարդակով ամենէն աւելի գործածուած բառերէն մին, կ՚ընդգրկէ զգացական, սեռային, հոգեւոր, բանաստեղծական, հռետորական եւ այլ  իրավիճակներ։ Հոգեմտաւոր իր բացառիկ կարողութեամբ ան թափանացած ըլլալով սիրոյ իսկական բնութեան ներքին ոլորտներուն, որպէս հոգեւոր քիմիագէտ, Սէրը «Աստուածային տարրալուծարանի» մէջ տարբաղադրելով, մեզի կը հայթայթէ առողջ եւ տոկուն դեղագիր մը, թէ Սէրը կատարելութիւնն է համբերութեան, հասկացողութեան, ներումի, ազնուութեան, խոնարհութեան, եւ այլ առաքինութեանց (Ա Կոր 13.4-8)։ Երբ զոյգերը դիմագրաւեն վերեւի մարտահրաւէրները Առաքեալին կողմէ հրամցուած եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ հրամցուած դեղատոմսով, վստահահաբար անոնք Սիրոյ միջոցաւ կրնան յաղթահարել իրենց դէմ ցցուած բազմապիսի փորձութեանց։

ե․ Անոնք որոնք ծանօթ են Աստուածաշունչին, գիտեն թէ մարդկութեան ստեղծագործութեան երկրորդ տարբերակ մը կայ, ըստ որում Աստուած Ադամի կողերէն մին առնելով կինը ստեղծեց (Ծն 2.18-25)։ Որքան որ տարբեր թուի առաջինէն, այս երկրորդ պատումը նոր երանգ մը կու տայ եւ իր մանրամասնութեամբ աւելի կը գեղեցկացնէ առաջինը։ Համաձայն հրէական Օրինաց գրքի մեկնաբանութեան՝ Թալմուտին, Աստուած կինը չստեղծեց ոտքէն մաս մը առնելով, որպէսզի ան չոտնակոխուի, եւ ոչ ալ գլուխէն, որպէսզի չխրոխտանայ, այլ կողէն՝ կեդրոնէն, որպէսզի այր եւ կին հաւասար ըլլան։ Ի՜նչ հոյակապ սկզբունք ներդաշնակութեան, որ մայր բնութեան նման բոլոր աղէտներէ ետք կը ծիածանէ երկնակամարը։

Ահա փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի այս հոյակապ ուսուցումով, երբ զոյգեր հիմը դնեն իրենց փոխ յարաբերութեան, նմանած կ՚ըլլան իմաստուն այն մարդուն որ իր տունը կը շինէ ժայռի վրայ, եւ երբ անձրեւներ, ողողումներ եւ փոթորիկներ զարնուին անոր, հաստատ կը մնայ (Մտ 7.24-25)։ Զոյգ մը որքան աւելի իր յարաբերութիւնը սնուցանէ այս արժէքներով, անոնք աւելի եւ աւելի ականատես կ՚ըլլան իրենց սիրոյ յարաբերութեան ամրապնդումին ու փթթումին, ձիթենիի նման մշտադալար եւ պտղաւէտ կ՚ըլլան, կ՚արդարացնեն Աստուծոյ կողմէ իրենց վստահուած նուիրական առաքելութիւնը, եւ կ՚արժանանան Անոր անթառամ ու յաւիտենական պսակին, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։