Ինչպէս յայտնած էինք, Փետրուար-Մարտ 2021ին, բարերար Արթըր (Արտաշէս) Պետրոսեանի հովանաւորութեամբ եւ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան անմիջական մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էր Արմաւիրի «Տիգրան Մեծ» ռազմամարզական յատուկ վարժարանի 13.000 քառակուսի ոտք տանիքի հիմնական նորոգումը։ 1961ին կառուցուած դպրոցը, ուր կը յաճախեն 150 աշակերտներ, առաջին անգամ նորոգման կ՚ենթարկուէր 60 տարուան մէջ։ «Տիգրան Մեծ» ռազմամարզական դպրոցի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը իր ուսումը կը շարունակէ Վազգէն Սարգեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ։
Վերջին օրերուն, աւարտած է դպրոցի համակարգիչներու դասարանի նորոգութիւնը դարձեալ պրն. Պետրոսեանի նուիրատուութեամբ, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ 12 նոր համակարգիչներ եւ յարակից գործիքներ։ Բարերարի ցանկութեամբ, վերանորոգ դասարանը կոչուած է Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սարկաւագ Գազանճեանի անունով։
Դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնած են պրն. Արթըր Պետրոսեանին իր գնահատելի նախաձեռնութեան համար։