ԱՐԺՊ. Տ. ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՔՀՆ. ՊԵՔԻԱՐԵԱՆԻ (1929-2021)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները խոր կսկիծով տեղեկացան մեր հոգեւորական դասու երիցագոյն անդամ՝ Արժպ. Տ. Վազգէն Աւագ Քահանայ Պեքիարեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Յուլիսին, Ուստըրի մէջ (Մասաչուսեթս)։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ուրբաթ երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր), Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Շաբաթ առաւօտ, Ս. Պատարագը պիտի կատարէ եւ օծման կարգը կատարէ Սրբազան Հայրը։ Այնուհետեւ, հանգուցեալ Տէր Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Ուստըրի Hope գերեզմանատան մէջ։ Ընտանիքի խնդրանքով, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները պիտի ուղղուին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ։
Տ. Վազգէն Ա. Քհն. Պեքիարեան ծնած է Նիկոսիա (Կիպրոս), 4 Մայիս, 1929ին։ Ծնողքը՝ Կարապետ Պեքիարեան եւ Ռոզա Էպրէքճեան-Պեքիարեան, Մեծ Եղեռնի վերապրողներ էին։ Եօթ տարեկանին, սկսած է խորանին ծառայել։ Չափահաս տարիքին, աշխատած է իբրեւ հիւսուածեղէնի վաճառական եւ հետագային, Նիկոսիոյ Terra Santa քոլէճը յաճախելէ ետք, Լիբանան մեկնած ու մտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։
1978ին, Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է ու քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած՝ Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Նոյն տարին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր) հոգեւոր հովիւի պաշտօնին նշանակուած է։ 2000ին, 22 տարի պաշտօնավարելէ ետք, հանգստեան կոչուած է, բայց իր ծառայութիւնը կանգ առած չէ։ Յաջորդ քսանամեակին, շարունակած է ծառայել ուրիշ ծուխերու իբրեւ արտահաս հովիւ՝ Միշիկընէն մինչեւ Ֆլորիտա եւ Նիւ Եորքէն մինչեւ Իլինոյ եւ Միզուրի, միշտ ինքնաշարժով ճամբորդելով ամենէն հեռաւոր տեղերը նոյնիսկ։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք երէցկին Անահիտ Պոյաճեան-Պեքիարեանին, զաւակներուն՝ Ռոզա, Ալիծ, Ատրինէ, Թամարա եւ Կարօ, տասներեք թոռներուն եւ տասը ծոռերուն, ինչպէս եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։
Հոգելոյս Տէր Վազգէնի ընտանիքն ու Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը մշտապէս պիտի յիշեն Տէր Հօր անձնազոհ ծառայութիւնը ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր համայնքին։ Անոր ծառայութիւնը անջնջելի պիտի մնայ թեմէս ներս, օրինակ դառնալով մեր նորահաս սերունդին։
Խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին։