Հայ լեզուի անկիւնը

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐԸ… ԲԱՐՁ ՉՈՒՆԻՆ

Մեր թեմի տարածքին շատ գործածական են հոգաբարձութիւն եւ հոգաբարձու բառերը։ Անշուշտ, ամէն ոք կը հասկնայ, թէ կապ ունին «հոգ»ի հետ, բայց ի՞նչ է «բարձ»ը։

Անշուշտ, խօսքը ամէն գիշեր մեր գլուխին տակ դրած բարձի մասին չէ. այս բարձը իրանական ծագումով բառ մըն է, որ կապ չունի մեզ հետաքրքրող երեւոյթին հետ։

Հոգաբարձու կը նշանակէ «հոգ վերցնող», քանի որ բարձ արմատը խոնարհուած ձեւերէն մէկն է գրաբարի բառնալ բային, որ կը նշանակէ «վերցնել, բարձրացնել»։ Եւ եթէ մտածենք, թէ հոգաբարձութիւններու հիմնական պաշտօնը ո՛չ միայն կազմակերպութիւն մը ղեկավարել է, այլեւ զանոնք հոգերէ ազատել է, հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ անգլերէնը «կը վստահի» հոգաբարձուի մը (trustee բառը կ՚առնչուի trust «վստահութիւն» բառին), իսկ հայերէնը վերջինիս կը վստահի… հոգերը անհետացնելու գործը։

Ի դէպ, բարձր եւ բարձունք բառերը նոյն բառնալ բայէն կու գան։

Եթէ հոգաբարձուն եւ հոգաբարձութիւնը աշխարհիկ առնչութիւն մը ունի մեր թեմական գործերուն հետ, ա՛լ աւելի սերտ է զուտ կրօնական Համբարձումի կապը, ուր նաեւ իմաստը թափանցիկ է, քանի որ տօնն է Քրիստոսի բարձրացման դէպի երկինք (գրաբար բայը համբառնալ է)։

Մեզ հետաքրքող բարձ արմատը բաւական կենսունակ ու գործածական է տարբեր կալուածներու մէջ։ Յիշենք, օրինակ, մանկաբարձ բառը։ Անգլերէնը ծննդաբերութեան օգնող կնոջ համար կը գործածէ midwife բառը, որուն իմաստն է՝ «այն կինը, որ (մօր) հետ է»։ Սակայն, հայերէնը դիմած է բոլորովին հակառակ իմաստի մը, որ կը բխի ո՛չ թէ օժանդակութենէն, այլ ծննդաբերութեան բուն արարքէն իսկ։ Արդարեւ, մանկաբարձ բառը կը նշանակէ «մանուկը բարձրացնող, մանուկը վերցնող»… ծննդաբերութեան ժամանակ։

Ամէն լեզու ունի բառաստեղծման ուրոյն ձեւերը։ Հայերէնը եւ հայախօս մարդիկ բացառութիւն չեն…։