Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ (մահ՝ 4 Օգոստոս, 1918)

Սեբաստացի Մուրատ եղած է 20րդ դարու հայ ազատամարտի առասպելական անուններէն մէկը, որ իր ողջութեան արդէն հռչակ կը վայելէր ու սերունդէ սերունդ մնացած է յիշողութեան մէջ։

Բուն անունով՝ Մուրատ Խրիմեան, ծնած է Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը, 1874ին։ Հովիւ եղած ատեն, պատահական թուրքեր յարձակած են իր վրայ՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար։ Ան սպաննած է թուրքերէն մէկը, միւսները փախուստի մատնելով։ Չկարենալով զինք ձերբակալել, ոստիկանութիւնը փոխարէնը՝ հայրը բանտարկած է։ Մուրատ ստիպուած է յանձնուիլ ու քանի մը ամիս բանտը անցընել։ Ազատ արձակուելով անչափահասութեան պատճառով, հեռացած է Սեբաստիայէն ու անցած՝ Պոլիս, ուր բեռնակրութիւն ըրած եւ գիշերները դպրոց յաճախած է՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։

Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան, բայց 1890ին Խորէն Աշըգեան պատրիարքին դէմ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով՝ Մուրատ դարձեալ ձերբակալուած է։ Շնորհիւ եւրոպական միջամտութեան, Պոլիսէն աքսորուած է իր ընկերներով, անցնելով Եգիպտոս ու Յունաստան։ Այնուհետեւ, մեկնած է Թիֆլիս ու անդամագրուած՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ուղարկուելով Կարս՝ Երկիր անցնելու դուռը։

1903ին, Մուրատ մտած է Երկիր իբրեւ պարզ զինուոր՝ Թորգոմի առաջին խումբին մէջ։ Հրայր Դժոխքի եւ Գէորգ Չաւուշի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ ստացած է իր «մկրտութիւնը» Մշոյ եւ Սասնոյ մէջ, յատկանշական ֆիզիքական ուժով եւ հերոսական նկարագրով։ Խմբապետ կարգուելով, իրեն առաջարկուած է Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը 1904ին․ բայց ան մերժած է, պնդելով, որ «Անդ­րա­նիկն է այդ ա­ռաջ­նոր­դը եւ ե­թէ ան­գամ նա մե­ռած լի­նի, իր դիա­կը մեր դրօ­շա­կին հետ պէտք է տա­րո­ւի մեր առ­ջե­ւէն.- դէ­պի կռիւ ու ա­զա­տու­թիւն»։

Մուրատի քաջագործութիւնները զինք հռչակաւոր դարձուցած են, ու անոնք շարունակուած են 1904ի ամրան, երբ ֆետայիներու  նշանաւոր ժողովէն ետք Աղթամարի կղզիին մէջ, ճեղքած է թրքական պաշարման շղթան, նաւ մը գրաւած եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները Պարսկաստան հասցուցած։ Ինչպէս գրած է Ս. ­Թա­դէի վան­քի պա­տե­րուն, «ան­ցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ­’ա­ւելցնեմ նաեւ ընդ ա­րիւն եւ նո­րէն կ­’եր­թանք դէ­պի հուր եւ ա­րիւն»։

Գլխաւոր մասնակիցներէն եղած է հայ-թաթարական կռիւներուն 1905ին, ղեկավարելով հերոսական մարտեր Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ ու դառնալով Ղափանի (Կապան) հայութեան պահապան բազուկը։ 1906ին վերադարձած է Սասուն, մասնակցելով 1907ի հերոսական կռիւներուն։ Ապստամբութեան աւարտին, մեկնած է արտասահման, մասնակցելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան 4րդ Ընդհանուր Ժողովին (Վիեննա, 1907)։ Ժողովի որոշումով, Պարսկաստանի սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցելէ ետք, երբ տեղի ունեցած է Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը (1908), Սեբաստացի Մուրատ վերադարձած է իր ծննդավայրը։ Սակայն, Սահմանադրութեան իրականութեան չհաւատալով, շարունակած է ժողովուրդը զինելու եւ երիտասարդները պատրաստելու գործը։ 1910ին ամուսնացած է ուսուցչուհի Ագապիի հետ, ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ, որ անոր նո­ւի­րած է իր լա­ւա­գոյն քեր­թո­ւած­նե­րէն մէ­կը՝ «Բեգաս»ը։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րեակին, ­Մու­րատ ըմ­բոս­տա­ցած է հայերու զինուորագրումին՝ իր զի­նակից­նե­րով քա­շո­ւե­լով լեռ­նե­րը, որ­պէս­զի պատ­րո­ւակ չտայ թուր­քե­րուն։ Երբ տարագրութիւնն ու ջարդը համատարած դարձած են, ­անցած է հարիւրա­ւոր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դի եւ զի­նեալ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գլուխը, դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարելով Սեբաստիայէն դէպի Պաթում։ Այդ ոդիսականին պատմականը գրի առած է գրագիտուհի Զապէլ Եսայեան՝ «Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն Պաթում» գիրքին մէջ։

Կով­կասի մէջ, Մու­րատ ամ­բող­ջութեամբ նուիրուած է կա­մա­ւո­րա­կան շարժ­ման։ Արեւմտա­հա­յաս­տան մտնող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն հետ, Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւ ­Կայ­ծակ Ա­ռա­քել պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ փրկա­րար գործ կա­տա­րած են, ձեռնարկելով ցի­րու­ցան ե­ղած եւ քրտա­կան ցե­ղա­խում­բեր ին­կած հայ բե­կոր­նե­րու ազ­գա­հա­ւա­քին՝ «­Մէկ հայ, մէկ ոս­կի» կար­գա­խօս­ով։

Ռու­սա­կան զօր­քի նա­հան­ջէն ետք, ­Մու­րատ եւ ­Սե­պուհ, ո­րոնք ­Սաս­նոյ կռիւ­նե­րու օ­րե­րէն ան­բա­ժան դար­ձած էին, փու­թա­ցին հոն, ուր հա­յու­թեան վտանգ կը սպառ­նար, 1918ին յայտնուելով Պաքու, ուր մասնակցած են քաղաքի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ընդդէմ օսմանեան եւ ատրպէյճանական զօրքերու յարձակման։

Հերոսական այդ կռիւներուն ընթացքին, երբ կը խոյանար թրքական յարձակող խումբի մը վրայ, 4 Օգոստոս, 1918ին, Սեբաստացի Մուրատ հերոսի մահով ինկած է ռազմի դաշտին վրայ, 44 տարեկան հասակին։ Անոր մարմինը երկու օր ետք վերագտնուած է եւ աւելի ուշ՝ թաղուած Թիֆլիսի Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ։