Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ,  8 ՕԳՈՍՏՈՍ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ (ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 7:1-9

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 2:1-12

 

Քանի մը օրեր ետք, Յիսուս վերադարձաւ Կափառնաում: Անմիջապէս որ լուր տարածուեցաւ թէ տան մէջ կը գտնուի, շատեր հաւաքուեցան հոն, այնքան՝ որ դռան առջեւ իսկ տեղ չէր մնացած: Եւ Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր անոնց:

Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին: Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին: Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.

Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի:

Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք հոն նստած էին, սկսան մտովի քննադատել զայն. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել. ըրածը հայհոյութիւն է: Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»:

Յիսուս վայրկեանին գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.

Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու:

Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ.

Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա:

Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ: Բոլորն ալ զարմացան. անոնք կը փառաւորէին զԱստուած ու կ’ըսէին.

Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք:

 

Ա. ԹՈՒՂԹ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:11-14:5

Երբ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի եւ երեխայի պէս կը տրամաբանէի. իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի: Նոյնպէս ալ, մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զայն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ: Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբող­ջապէս, ճիշդ ինչպէս ի՛նք զիս կը ճանչնայ:

Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է:

Ուրեմն՝ սիրոյ հետամուտ եղէք: Միաժամանակ հոգեւոր պարգեւներուն փափաքող եղէք, մանաւանդ մարգարէութեան: Որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ: Մինչդեռ մարգարէութիւն ընողը մարդոց կը խօսի՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք մխիթարելու եւ քաջալերելու համար: Լեզուներ խօսողը միայն ի՛նք կ’օգտուի, մինչդեռ Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ: Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ’ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի: