Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌՈՒԲԷՆ ՆԱՔԵԱՆ (ծնունդ՝ 10 Օգոստոս, 1897)

«Նիւ Եորք Թայմզ»ի մահախօսականը Ռուբէն Նաքեանը համարած է «20րդ դարու ամենէն ականաւոր ամերիկացի քանդակագործներէն մէկը»։ Նաքեան ծնած է 10 Օգոստոս, 1897ին, Քուինզի (Նիւ Եորք) թաղամասերէն Գոլէճ Փոյնթի մէջ։ Ուսումը ստացած է Նիւ Եորքի Արուեստի Անկախ դպրոցին եւ Ռոպըրթ Հենրի դպրոցին մէջ։ 1930ական թուականներուն յանձնարարութիւն ստացած է՝ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվըլթի դահլիճի անդամներուն դիմանկարները կերտելու։ 1931ին հանդիպած ու բարեկամացած է Արշիլ Կորքիի հետ, իսկ աւելի ուշ՝ ուրիշ նկարիչներու, ինչպէս Վիլլեմ տը Քունինկ, Մարստըն Հարթլի եւ Մարսէլ Տիւշան։ Դասաւանդած է Նուարքի գեղարուեստից եւ արդիւնաբերական արուեստի դպրոցին (1946-1951) եւ Պրուքլինի «Փրաթ» հիմնարկին մէջ (1952-1956)։

Ռուբէն Նաքեանի գործերուն գլխաւոր աղբիւրը յունական եւ հռոմէական դիցաբանութիւնն էր։ Երկար տասնամեակներու իր գեղարուեստական գործունէութիւնը յատկանշուած է իր նորարարական ոգիով, որ զինք մղած է արտայայտչական ձեւերը վերանորոգելու եւ նոր նիւթեր փորձարկելու՝ մարմարէն մինչեւ թուղթ ու styrofoam։ Անոր գործերը կը գտնուին Ամերիկայի ամենէն նշանաւոր թանգարաններուն եւ հաստատութիւններուն մէջ։ Անհատական կարեւոր ցուցահանդէս ունեցած է 1930-1980ական թուականներուն՝ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ։ 1972ի գործը՝ «Խաչէն իջեցումը», Մեծ Եղեռնի յուշարձան մըն է, որ տեղադրուած է Ս. Վարդան Մայր Տաճարի (Նիւ Եորք) շրջափակին մէջ։

1973ին, Նաքեան ընտրուած է Արուեստի եւ Գրականութեան Ազգային Հիմնարկի անդամ։ Պատուոյ տոքթորաներ ստացած է Նեպրասքայի եւ Պրիճփորթի համալսարաններէն, մետալներ՝ Ֆիլատելֆիայի Արուեստի Գոլէճէն եւ Արուեստի ու Գրականութեան Ամերիկեան Ակադեմիա-Հիմնարկէն, եւ մրցանակներ՝ զանազան կարեւոր հաստատութիւններէ։ 1985ին, «Ռուբէն Նաքեան՝ աստուածներու աշկերտ» խորագրուած վաւերագրական ժապաւէնը արտադրուած է «Սմիթսոնյըն» հաստատութեան կողմէ։ Հայազգի քանդակագործը ստացած է «Կուկընհայմ» (1931) եւ «Ֆորտ հիմնադրամ» (1958) կարեւոր կրթաթոշակները։ Ան Միացեալ Նահանգները ներկայացնող կարեւորագոյն քանդակագործը եղած է Սան Փաւլոյի 1961ի եւ Վենետիկի 1968ի երկամեայ ցուցահանդէսներուն մէջ։

Նաքեան մահացած է 4 Դեկտեմբեր, 1986ին, Սթամֆըրտի մէջ (Քընէթիքըթ)։