Մեր ծուխերէն

ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆ. ԼԱԳԻՍԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Անցեալ 29 Յուլիսին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի այցելութիւնը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածի վանքի ամառանոցին մէջ։ Մայր Եկեղեցւոյ անունով եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ, Տէր Հայրը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց 10.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին եւ 5.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը Զարեհեան Դպրեվանքին՝ ի յիշատակ Մայր Եկեղեցւոյ երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանի, որ վախճանած է 24 Մայիս, 2019ին, Արեւելեան Թեմին 60ամեայ ծառայութենէ ետք։ Նուիրատուութիւնը իրականացած էր Տէր Մուշեղ Աւագ Քահանայի ընտանիքի եւ ծխականներու զօրակցութեամբ։

Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան նաեւ, յանուն հոգաբարձութեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց 10.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներու համար։