Սահակ Տէր Գաբրիէլեան անցեալ դարասկիզբին ընդարձակ գործունէութիւն ունեցած հին բոլշեւիկներէն էր, որ սատարած է Հայաստանի խորհրդայնացումին, այնուհետեւ Ստալինի զոհերէն դառնալով։
Տէր Գաբրիէլեան ծնած է Շուշիի մէջ (Արցախ), 27 Փետրուար, 1886ին։ Մինչեւ 1908 ընդհատումներով աշխատած է Պաքուի «Բախտ» նաւթահանքի գրասենեակին եւ Կասպիական ընկերութեան մէջ։ Անդամակցած է Սոցիալ-Դեմոկրատ (բոլշեւիկեան) կուսակցութեան։ Պաքուի բանուորներու 1914ի ընդհանուր գործադուլի ղեկավարութեան մաս կազմած է։
1917ի Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք, Սահակ Տէր Գաբրիէլեան զանազան պաշտօններ ստանձնած է Պաքուի մէջ։ Պաքուի անկումէն ետք, մեկնած է Ռուսաստան։ Նոյեմբեր 1920ին, Հայաստանի խորհրդայնացումը հռչակող Յեղկոմի անդամ եղած էր։ 1920-1928ին Խորհրդային Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչը եղած է Մոսկուայի մէջ, իսկ 1928-1935ին՝ Հայաստանի ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի (նախարարներու խորհուրդի) նախագահը եւ Անդրկովկասի հանրապետութեան կոմիսարներու խորհուրդի նախագահի տեղակալը։
Սահակ Տէր Գաբրիէլեան՝ երկար տարիներու համայնավար գործիչը, ստալինեան բռնութեան զոհերէն եղած է։ 1931 թուականին, ան համարձակութիւնը ունեցած էր Ստալինի ներկայութեամբ ընդդիմանալ Լաւրենտի Բերիայի նշանակման իբրեւ Անդրկովկասի դաշնակցային հանրապետութեան ղեկավար։ Նման վերաբերմունք անպատիժ պիտի չմնար։
1936-1937ի մաքրագործումներուն ընթացքին, Տէր Գաբրիէլեան կալանքի տակ առնուած է։ Ըստ գրագէտ Վահրամ Ալազանի խօսքին՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան կուսակցական ժողովին, 1961ին, «Սահակ Տէր Գաբրիէլեանին սարսափելի ծեծից ու ջարդից յետոյ, կիսամեռ վիճակում 4-րդ յարկի պատուհանից շպրտեցին փողոց ու սպանեցին, յետոյ էլ ակտ կազմեցին, որ Տէր Գաբրիէլեանն իբր թէ ինքնասպանութիւն կատարելու նպատակով իրեն 4-րդ յարկի պատուհանից գցել է ցած»:
Խորհրդային շրջանին փողոց մը կոչուած է Տէր Գաբրիէլեանի անունով՝ Երեւանի կեդրոնին մէջ, որ անկախութենէն ետք անուանափոխուած ու դարձած է Եզնիկ Կողբացիի փողոց։