Առաջնորդարանէն

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Օգոստոս 3-14ին, Դիլիջանի գեղատեսիլ բնութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Յոյս եւ լոյս» բարեսիրական կազմակերպութեան «Մեծ ընտանիք» 11րդ ամառնային ճամբարը որբերու համար, որ կը վայելէր Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը։ Այս տարուան ճամբարին մասնակցող 108 պատանիները բաժնուած էին երկու խումբերու՝ 18 պատասխանատուներու հսկողութեան տակ։ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեանը, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) պատուոյ հովիւն է, նախաձեռնողն է ու մղիչ ոգին աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր յաջողակ այս ճամբարին։

Առաջին խումբին մասնակցեցան 11-12 տարեկան 54 պատանիներ՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններէ։ Բոլորն ալ առաջին անգամ կը մասնակցէին, շատերը ըլլալով 44օրեայ պատերազմի հերոս նահատակներու զաւաոներու։ Անոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով կը լսէին Աստուծոյ, աղօթքի, եկեղեցւոյ եւ այլ յարակից նիւթերու մասին։

Երկրորդ խումբին մաս կը կազմէին 13-14 տարեկան 54 պատանիներ եւս, որոնք երկրորդ կամ երրորդ անգամ ըլլալով ծրագրին կը մասնակցէին։ Կրօնական պահերուն ընթացքին, Տէր Հայրը անոնց խօսեցաւ նոր նիւթերու մասին, որոնք չէին շօշափուած նախորդ տարիներուն։

Այս դասերուն կողքին, երեխաները ամէն օր երեկոյեան զրոյցի պահեր ունէին, ուր ազգային եւ կրօնական տարբեր նիւթեր քննարկուեցան։ Անոնք նաեւ արուեստի եւ արհեստի պահեր ունեցան, տարբեր մարզական եւ մտային խաղերով զբաղեցան։ Այս բոլորի կողքին, նաեւ տեղի ունեցան գեղարուեստական ներկայացումներ։