Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՃԱՄԲԱՐԸ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) այս տարուան «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարը սկսաւ Երկուշաբթի, 23 Օգոստոսին։ Համավարակին պատճառով, մէկ շաբաթ տեւող ճամբարին մասնակիցներու թիւը սահմանափակուած էր 50 պատանիներու, որոնց կ՚ընկերանայ 30 հոգինոց անձնակազմ մը։

Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ ճամբարին, ուր հանդիպեցաւ մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն, քաջալերեց զանոնք իրենց յանձնառութեան եւ մաղթեց, որ յառաջիկային բնականոն պայմաններու մէջ առաւել եւս ընդլայնեն անոնց գործունէութիւնը։