Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՃՈՐՃ ՊՈՒՌՆՈՒԹԵԱՆԻ (25 Սեպտեմբեր, 1943 – 22 Օգոստոս, 2021)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ցաւոք իմացան, որ Կիրակի, 22 Օգոստոսին, իր մահկանացուն կնքած է պատմաբան Ճորճ Պուռնութեանը։

Փրոֆ. Պուռնութեան, որ ծնած էր Սպահան (Իրան), 25 Սեպտեմբեր, 1943ին, երկարամեայ համալսարանական դասախօս էր ու աւելի քան 30 հատորներու հեղինակ ու թարգմանիչ, որոնք գլխաւորաբար նուիրուած են հայոց, պարսկական եւ կովկասեան պատմութեան։ Իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1976ին, Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ (UCLA), իբրեւ նիւթ ունենալով Արեւելեան Հայաստանը ռուսական նուաճման նախօրեակին։ Ան իրանեան եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած է բազմաթիւ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններու մէջ (Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, Գոլումպիա համալսարան, Թաֆթս համալսարան, Նիւ Եորք համալսարան, Ռաթկըրզ համալսարան, Քընէթիքըթի համալսարան, Ռամափօ գոլէճ եւ Կլենտէյլի համայնաքային գոլէճ)։ Երկար տարիներ ռուսական եւ խորհրդային պատմութիւն դասաւանդած է Այոնա գոլէճի մէջ (Նիւ Եորք)։ Իրանական հանրագիտարանի 40 խմբագիրներէն մէկը եղած է։ 1990ական թուականներուն դասաւանդած ու դասախօսած է նաեւ «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներուն։

Պուռնութեան բեղուն գրող ու թարգմանիչ էր։ Հեղինակած է շարք մը հատորներ, որոնցմէ հայոց համառօտ պատմութիւնը (“A Concise History of the Armenian People”) ունեցած է եօթը հրատարակութիւններ ու թարգմանուած՝ բազմաթիւ լեզուներու, որոնց շարքին՝ հայերէն, սպաներէն եւ ճափոներէն։ Ան նաեւ անգլերէնի թարգմանած է ուշ միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջանի բազմաթիւ հայ մատենագիրներու գործերը։

Անուշաւան Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն փրոֆ. Պուռնութեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Աստուած վարձահատոյց ընէ բազմավաստակ գիտնականը՝ երկնային խորաններուն մէջ հանգչեցնելով իր հոգին։