ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ
Եթէ կը հաւատանք, որ յատկապէս մանկավարժութեան դաշտէն ներս, տարբեր ժամանակներ կը պահանջեն տարբեր մօտեցումներ, այսքան արագ փոխուող սերունդին հետ բոլորովին նոր ձեւերով աշխատիլը աւելի քան լուրջ պահանջ է։
Այս մղումով, Շաբաթ եւ Կիրակի, 21 եւ 22 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 11:30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի հովանաւորած դպրոցներէն ու Սփիւռքի տարբեր շրջաններէ (ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ, Ֆրանսա, Յունաստան, Գանատա եւ Աւստրալիա) երիտասարդ ուսուցչուհիներու խմբակ մը հաւաքուած էր առցանց՝ Zoomի օգտագործումով։ Մասնակիցները մեծ խանդավառութեամբ, հակառակ ժամերու զգալի տարբերութեան (երբեմն՝ կէս գիշերը անց), ու հետաքրքրութեամբ հետեւեցան սեմինարին, զոր կը վարէր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դպրոցական օժանդակութեան վարիչ՝ տիկ. Անի Կարմիրեան։
Ինչպէս մեր ընթերցողները կը յիշեն, անցեալ տարի տիկ. Կարմիրեան վարած էր աւելի քան յիսուն ժամ տեւողութեամբ հանդիպումներ մեր Թեմի միօրեայ դպրոցներու դասատուներուն համար, որուն յաջող արդիւնքէն քաջալերուած, այս Շաբաթ օր, 28 Օգոստոսին պիտի սկսի «Մանկավարժ նորարար առցանց ծրագրի՝ Սփիւռքի ուսուցիչներուն ուղղուած» խորագրով հանդիպումներու շարքը, որ պիտի աւարտի Մայիսին։
Այս պատկերը փաստ է, թէ Սփիւռքի հայութիւնը իր արեւմտահայերէնին եւ սերունդին տակաւին երկար տիրութիւն ընելու պատասխանատութեան ներուժը ունի։