Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ»Ի ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ

Վերջերս Հայաստան կատարած իր ուղեւորութեան ընթացքին, Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, այցելեց «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան գրասենեակը, ուր հանդիպեցաւ անձնակազմին եւ ծանօթացաւ ներկայ ծրագիրներուն։ Հայր Սուրբը նաեւ հանդիպեցաւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու տասը ընտանիքներու, որոնց յանձնեց փոքրիկ յուշանուէրներ, իր երախտապարտութիւնը յայտնելով անոնց զոհաբերութեան եւ քաջասիրտ կեցուածքին համար։ «Երեխաներու աչքերուն մէջ», ըսաւ Հ. Սահակ, «չես կրնար չնկատել իրենց հերոս հայրերուն ու մայրերուն պատկերը»։

Սահակ Ծ. Վրդ. այցելութիւն մըն ալ տուաւ Արցախ, ծանօթանալով շրջանի ներկայ վիճակին ու այցելելով հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող վանքերն ու կոթողները։