Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԱՐԿՈՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (մահ՝ 27 Օգոստոս, 2007)

Մարկոս Գրիգորեան քիչ ծանօթ իրանահայ արուեստագէտ մըն էր, որ իրանեան արդի արուեստի ռահվիրաներէն եղած է եւ հետագային երկար տարիներ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ։

Մարկոս Գրիգորեան ծնած է Կրոպոտկին (Կրասնոտարի շրջան, Հիւսիսային Կովկաս), 5 Դեկտեմբեր, 1925ին՝ 1920ի թրքական գրաւումէն ետք Կարսէն գաղթած ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ 1930ին ընտանիքը տեղափոխուած է Իրան, սկզբնական շրջանին բնակած է Թաւրիզ, ուր Գրիգորեանի մայրը մահացած է։ Այնուհետեւ, փոխադրուած են Թեհրան։ Թեհրանի գեղարուեստի վարժարաններու մէջ իր ուսումը ստանալէ ետք 1948-1950ին, Գրիգորեան 1950-1954ին ուսումը շարունակած է Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, վերադարձած է Իրան, ուր բացած է պատկերասրահ մը, որ Իրանի արդիական նկարչութեան առաջին պատկերասրահներէն մէկը եղած է, հանրութեան ներկայացնելով նորարար արուեստը։

1955ին ամուսնացած է Ֆլորա Ադամեանի հետ եւ ունեցած դուստր մը՝ դերասանուհի Սապրինա Գրիգորեանը (1956-1986)։ 1956ին Վենետիկի պիենալէին մասնակցած է, ուր 1956ին Իրանի պատուիրակ ու միջազգային դատաւոր եղած է։ 1956ին մշակոյթի եւ արուեստի նախարարութեան գեղանկարչութեան բաժնի վարիչ նշանակուած է, իսկ երկու տարի ետք կազմակերպուած է Թեհրանի առաջին երկամեայ ցուցահանդէսը։ 1959ին ամբողջացուցած է հրէական Ողջակէզին նուիրուած որմնանկարներու շարք մը, որ առանձին գիրքով հրատարակուած է 2002ին։ Այս ժամանակաշրջանին, Գրիգորեան սկսած է հող գործածել իր նկարներուն մէջ, հիմը դնելով իր նշանաւոր «Հողագործական շարք»ին, ուր գործածած է հողը՝ մարդու անցողական բնոյթը խորհրդանշելու համար։ Այսպէսով, հանդիսացած է հողարուեստի հիմնադիր։

1960-1976ին իրանեան ութ շարժանկարներու մէջ դերակատար եղած է՝ Կրեկորի Մարք անունով։ Մինչ այդ, 1962ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, եւ երկու տարի աշխատելէ ետք Մինեսոթայի մէջ իբրեւ արուեստի ուսուցիչ, 1964-1970ին ապրած ու ստեղծագործած է Նիւ Եորքի մէջ։ 1970ին վերադառնալով Իրան, Թեհրանի համալսարանի գեղարուեստից ճիւղի դասախօս եղած է։ 1974ին, կազմած է անկախ արուեստագէտներու խմբաւորում մը շարք մը իրանցի նկարիչներու հետ։

Իրանեան յեղափոխութենէն ետք, 1980ին Մարկոս Գրիգորեան վերստին հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր բացած է «Արշիլ Կորքի» պատկերասրահը, ցուցադրելով իրանցի եւ հայ արուեստագէտներու գործերը։ 1986ին, աղջկան յանկարծական մահէն ետք, Գրիգորեանի գեղարուեստական առաջնահերթութիւնը լիովին փոխուած է եւ ան նուիրուած է հայ ազգագրական արուեստին ու գորգագործութեան։ Հայաստան քանի մը այցելութիւններէ ետք, 1993ին հաստատած է «Սապրինա» Միջին Արեւելքի թանգարանը Երեւանի մէջ, ուր տեղաւորած է իր սեփական հաւաքածոն։ Կեանքի վերջին քսան տարիներուն, շարք մը ցուցահանդէսներ եւ հիւսուածքի աշխատանոցներ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ, ուր հաստատուած էր կեանքի վերջին տարիներուն։ 1994ին իրեն շնորհուած էր Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը։

Օգոստոս 2007ի սկիզբներուն, երկու դիմակաւոր գողերու կողմէ յարձակումի ենթարկուած ու ծեծուած է։ Հիւանդանոցէն դուրս գալէ մէկ օր ետք, 27 Օգոստոս, 2007ին, 81ամեայ Գրիգորեանը մահացած է սրտի կաթուածէ։ Թաղուած է Երեւանի մէջ։