Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀԵՌԱԿԱՅ ԴՐԱՑԻՆ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Փա՜ռք կու տամ Բարեգութ Աստուծոյ, որ շաբաթավերջի Հենրի ուրականը (hurricane) նուազ աղէտ պատճառեց, քան ինչ որ կը նախատեսուէր։ Կ՛աղօթեմ առ Բարձրեալ Տէրը, որ արդէն իսկ ֆիզիքապէս թէ բարոյապէս ուժաքամ դարձող մարդկային ընկերութիւնը մայր բնութեան նման ահաւոր ցնցումներ թեթեւ անցընէ։

Անցեալ շաբթուան կաթողիկէ աշխարհի լուրերուն մէջ մահուան դէմ պայքարող Կարտինալ Ռէյմընտ Պըրքի ընծայուած  յօդուածի մը խորագիրը ուշադրութիւնս գրաւեց, որ հետեւեալն էր․- «Երբ հեռակայ մէկը հասկնայ քեզ, հեռաւորութիւնը կ՛անհետանայ, որպէս թէ ան դրացիդ ըլլայ»։

Կարդալէ ետք վերնագիրն ու յօդուածը, երբ Լիբանան ապրող բարեկամի մը հեռաձայնեցի, թարմացնելու համար տիրող կացութեան լուրերը, զգացի որ տագնապէ կ՛անցնէր, որովհետեւ կոկորդի խեղդուկ կ՛ունենար, որուն յաջորդեց արցունքներու պոռթկումը եւ հեկեկալով հազիւ կրցաւ ըսել,, թէ երկու կալոն/ութը լիթր նաւթ ստանալու համար երեք ու կէս ժամ 950 աստիճան տաքութեան տակ ինքնաշարժին մէջ սպասելէ ետք, երբ իր կարգը հասած էր, յանկարծ պաշտօնեան այդ օրուան բաշխումը վերջացած յայտարարած էր։ Քանի մը վայրկեան ետք Դիմատետր/ Facebookի վրայ զետեղուած էր միջին տարիքի շարժավարի մը նկարը, որ դարձեալ քարիւղի համար երեք ժամ սպասելէ ետք ինքնաշարժին մէջ մահացած էր։

Այս եւ նման լուրերու ցաւը բաժնեկցելէ ետք, մխիթարուած զգացի վերեւի մէջբերումի հաստատումով, թէ՝ «Երբ հեռակայ մէկը հասկնայ քեզ, հեռաւորութիւնը կ՛անհետանայ, որպէս թէ ան դրացիդ ըլլայ»։ Արդարեւ, երախտապարտ եմ մեր բոլոր ծխականներուն եւ բարեկամներուն, որոնք ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին, բացին իրենց սրտերը, եւ այսօրուան հաշուով կարելի եղաւ $26,885 տոլար հանգանակել Լիբանանահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին համար։

Թող Տէրը քաջառողջ եւ դրական ոգիով պահպանէ բոլորս, որպէսզի արտահաս օգնութեամբ կարենանք յուսահատութեան մէջ ապրող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն Յոյսի փարոս դառնալ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ