ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԹԵԹԵՒՑՆԵԼ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ԲԵՌԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ձեզ կ՚ողջունեմ մօտալուտ աշնան ոգիով եւ այն յոյսով, որ ան պիտի թարմացնէ հաւաքական մեր ջանքերը՝ Թեմիս ուսումնական եւ համայնքային տարեկան ծրագիրները մշակելու եւ գործադրելու։
Անցեալ շաբաթ, «Հենրի» ուրականի հետեւանքները կը նկարագրէի լիբանանահայ բարեկամի մը։ Թէեւ մեր սպասածին չափ խիստ ու կործանարար եղած չէր, այսուհանդերձ հազարաւոր ընտանիքներ մնացած էին առանց ելեկտրականութեան եւ ենթակայ՝ հեղեղներու։
Բարեկամիս պատասխանը գոյութենական շեշտ ունէր. «Ճիշդ է, ուրականներու վտանգի տակ չենք, սակայն, մարդու ստեղծած ուրականներուն պատճառով՝ Պէյրութի նաւահանգիստի անցեալ տարուան պայթումէն ի վեր, ելեկտրականութենէ զրկուած էինք, այժմ վառելանիւթի տագնապ կը դիմագրաւենք եւ շուտով ջուրի ամենէն ահաւոր տագնապը պիտի դիմագրաւենք…»։
Մեր լիբանանահայ եղբայրներուն սիրտը մաշեցնող հոգերուն անսահման խորութիւնը ամօթի զգացում ստեղծեց իմ մէջ։ «Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ», կ՚ըսէ հայկական ասացուածքը։ Մէկ-երկու օրուան մեր համեմատաբար կարճ փորձառութիւնը անբաղդատելի էր լիբանանցի ժողովուրդին առօրեայ փորձառութեան հետ, որ յուսահատութեան փապուղիէն կը քալէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր։ Ահա թէ ինչո՛ւ անգամ մը եւս կ՚ուզեմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել մեր հաւատացեալներուն ու բարեկամներուն, որոնք գիտակից ոգիով իրենց բաժինը կը բերեն այս աննկարագրելի տագնապը յաղթահարելու նպատակին։ Ուրախ եմ հաղորդելու, որ ներկայ տուեալներով 27,055 տոլար հաւաքած ենք։ Կ՚ակնկալեմ, սակայն, որ շուտով հասնինք վեց թուանշաններով գումարի մը։
Թող Ամէնողորմ Տէրը մեզ առողջ պահէ ու զօրացնէ, որպէսզի թեթեւցնենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն բեռը, որոնք, ինչպէս Սաղմոսերգուն ըսած է, կը քալեն «մահուան շուքի ձորին մէջ» (Սղ 23.4)։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ