Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԽԱՉՎԵՐԱՑ

ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

ԽԱՉՎԵՐԱՑ

 

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈԻՄ

Ես. 49:13-23

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:13-21

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ անոր, չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր, արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:

 

Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:

 

ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:14-18

Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը: Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ, որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ’ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն:

 

Այսուհետեւ, խնդրեմ, ոեւէ մէկը աշխարհիկ հոգերով թող զիս չնեղէ, որով­հետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն:

 

Եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն: