«ԵԿԱԾ ԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՍԻՐՏԷ ՍԻՐՏ ՄԵՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՆՔ»
Շաբաթ, 4 Սեպտեմբերին, «Ազդակ» օրաթերթը լոյս ընծայեց անցեալ շաբաթ Լիբանան այցելած ԱՄՆի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու առաջնորդներ՝ Անուշաւան Արքեպիսկպոսի եւ Թորգոմ Եպիսկոպոսի հետ կատարուած հարցազրոյցը, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրերը բացատրեցին ամերիկահայ համայնքի առած քայլերը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով։ «Հոգեւոր եղբօրս՝ Թորգոմ սրբազանի հետ եկանք Ամերիկայէն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, որպէսզի ո՛չ միայն թեմէ թեմ, այլ սիրտէ սիրտ մեր զօրակցութիւնն ու համագործակցութիւնը յայտնենք լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս: «Արդարեւ, Լիբանանը սփիւռքահայ կեանքի ամրոցը եղած է ամբողջ անցեալ դարուն, եւ անոր առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար կենսական էր, որ մեր ներկայութեա՛մբ յայտնէինք ամբողջական մեր աջակցութիւնը պատուական այս գաղութի առհասարակ բոլոր զաւակներուն»:
Թորգոմ Եպիսկոպոս ընդգծեց, որ «լիբանանահայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ եզակի դեր խաղցած է թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ, որովհետեւ լիբանանահայ մայրը մեր ժողովուրդի զաւակներուն տուած է հայ հոգեւոր սպասաւոր, հայ մշակոյթի եւ գիր ու դպրութեան գործիչ, հայ ղեկավար, հայ ուսուցիչ, հայ տնօրէն ու մինչեւ անգամ Հայաստանին ու Արցախին տուած է հայ ազատամարտիկ»:
Անուշաւան Սրբազան բացատրեց, որ 31 Օգոստոսին խորհրդակցելէ ետք Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ ընդհանուր գիծերով իրենց աշխատանքներուն պատկերացումը փոխանցեց, երկու առաջնորդները տեսակցած էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արքեպիսկոպոսի ու Ազգային Վարչութեան հետ եւ ուղղութիւն ստացած, թէ ի՛նչ մարզերու պիտի տրամադրուին Ամերիկայի մէջ հաւաքուած գումարները, որպէսզի մեր համայնքը իրազեկ դառնայ Լիբանանի մէջ «բազմաթիւ եւ բազմերես պահանջներուն»։
Պատասխանելով «Ազդակ»ի խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի այն հարցումին, թէ ամերիկահայերու հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս կ՚արժեւորուի, մանաւանդ որ անցեալ տարի կրկին կատարուած էին նուիրահաւաքի արշաւներ՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ու արցախեան պատերազմին առիթով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յայտնեց. «Անցեալ տարուան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ամբողջովին տարբեր նկարագիր ունէր, որովհետեւ ո՛չ միայն հայ կեանքը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը ցնցուեցաւ անկէ, անոր տարողութիւնը շատ աւելի մեծ էր: Նաւահանգիստի պայթումէն ետք, որպէս ազգ, դիմագրաւեցինք արցախեան պատերազմը, այդ աղէտալի փորձառութիւնը, դժբախտաբար, իր անփառունակ վախճանով, որ բարոյական ծանր հարուած մը եղաւ մեր ժողովուրդին համար»: Սակայն, «մենք տեղի չենք տար այդ բոլոր ազդակներուն, այլ` ընդհակառակը, մեր ժողովուրդը պատրաստ է աջակցելու` հակառակ իր առօրեայ տագնապներուն, որոնք ոչինչ են լիբանանահայուն ապրած տագնապին նկատմամբ»: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ Թեմիս մէջ հանգանակութիւն կը կատարուի եւ հովիւներուն թելադրուած է նմանօրինակ հանգանակութիւններ կատարել ծուխերուն մէջ։ Լիբանանահայերը Արեւելեան Թեմին մէջ շատ աւելի նուազ թիւ ըլլալով բաղդատմամբ Արեւմտեան Թեմին, ծննդավայրի կապը չկայ, «հետեւաբար այնտեղ կայ գիտակցութիւնը մարդկութեան ու հայ ինքնութեան, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ Լիբանանը ո՛չ միայն այլ գաղութներու կարգին գաղութ մըն է, այլ նաեւ ունի տարբեր դերակատարութիւն մը հայ կեանքին մէջ, եւ այդ դերակատարութիւնը ամբողջ դարու մը ընթացքին գործո՛վ երեւցած է` կենսունակութիւն տալով այլ գաղութներու»:
«Այս է մեր ընթացքը,» աւելցուց Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, «եւ երկարաժամկէտ պիտի ըլլայ մեր աշխատանքը` միշտ համագործակցութեամբ Լիբանանի առաջնորդ Շահէ սրբազանի եւ ազգային իշխանութեան հետ, որպէսզի միասնաբար կարենանք այս գաղութին հաւատքի նոր ուժ ստեղծել, որպէսզի բոլորս միասին այս “փոթորիկ”էն դուրս գանք»:
Եզրակացնելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը մէջբերեց Սարգիս Կուկունեանի «Երբ ալեկոծ ծովու վրայ / Իմ մակոյկս խորտակուի, / Ես փրփրադէզ ալեաց մէջը / Ես իմ յոյսը չեմ կտրի», եւ նշեց. «Երբ կեանքի նաւակդ մօտ է ջախջախուելու, եւ կը զգաս, որ մարդկային օգնութեան հասնելու բոլոր միջոցները սպառած են, հոն կու գայ մարդուս գերագոյն ուժը, որ տրուած է Աստուծմէ` յոյսն ու հաւատքը, եւ միախառնելով անոնց հետ միասին մեր հինգ հազարամեայ կեանքի փորձառութիւնը, մանաւանդ Ցեղասպանութեան մեր սերունդին փոխանցածը մեզի, կը պատգամեմ մեր հայրենակիցներուն չյանձնուիլ կեանքի փոթորկոտ ալիքներու քմահաճ յարձակումներուն, այլ` տոկալ ու գիտակցիլ, որ մինակ չեն, որովհետեւ մենք մեր ներկայութիւնը այստեղ բանիւ եւ գործով կ՛արտայայտենք»:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ այստեղ։