Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ԱՅՑԵՐԸ

Ձախէն աջ՝ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ռոտ Այլընտի նահանգապետ Տան Մաքքին եւ Քաթըրին Ղազարեան՝ նահանգի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ եւ Տան մեծամասնութեան ղեկավար։

Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, վերադառնալով Լիբանան կատարած իր եռօրեայ ճամբորդութենէն, Շաբաթ օր մեկնեցաւ Փրաւիտընս, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) Արեւելեան Շրջանի Շրջ. Վարչութեան հետ։ Անուշաւան Սրբազան եւ վարչութեան անդամները միասնաբար արծարծեցին երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական հարցեր։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, անձնապէս ծանօթանալով անոնց նուիրումին ու յանձնառութեան, բարձրօրէն գնահատեց կազմակերպութեան տարած աշխատանքը անցնող ութը տասնամեակներուն, հայ երիտասարդներուն մէջ վառ պահելով ազգային նկարագիրը եւ պահանջատիրութեան ոգին։ Ան նաեւ շեշտեց ֆիզիքական զարգացման ու, գաղափարաբանութեան ծանօթացման կողքին, հայ հաւատքի իւրացման կարեւորութիւնը, որպէս մեր ինքնութեան եռեակ կռուանները։

Կիրակի, 5 Սեպտեմբերին, Սրբազան Հայրը  ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագի մատուցման Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գաբրիէլ Քհն։ Նազարեանը։ Սրբազան Հայրը նախագահեց հոգելոյս Տ. Վազգէն Ա. Քհն. Պէքիարեանի քառասնօրեայ հոգեհանգստեան արարողութեան։

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի եւ Թեմիս Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեանի, ներկայ եղաւ  Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ողիմպիական խաղերու պաշտօնական բացումին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Ռոտ Այլընտ նահանգի կառավարիչ Տան Մաքքինը։ Սրբազան Հայրը՝ յանուն Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, ողջունեց AYFի ընտանիքի բոլոր անդամները։ Խօսքը ուղղելով Ողիմպիական խաղերու մասնակցողներուն, ըսաւ․ «Ճիշդ է, որ այս մրցաշարքին միայն կարգ մը անհատներ կամ խմբակներ մետալներ եւ բաժակներ պիտի ստանան, միաժամանակ չմոռնանք այն իրականութիւնը, որ Արարիչն Աստուած կեանքի գերագոյն մրցումը պատրաստած է այնպիսի ձեւով, որ բոլոր անոնք, որոնք զայն կ՚ապրին համաձայն Երկնաւորի պատուէրներուն, անխտիր մրցանակակիր կը հանդիսանան եւ կ՚արժանանան յաւերժական պսակներու։ Ուստի, այս ակնկալութեամբ հաւատանք ու գործենք կեանքի այս մրցումին մէջ»։

Ձախէն աջ՝ Արժպ. Տ. Շնորհք Քհն. Սուին, հոգեւոր հովիւ՝ Սրբոց Սահակ եւ Մեսրոպ եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս), Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, հոգեւոր հովիւ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Առաջնորդ։

Սրբազան Հայրը անձամբ  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարիչ Մաքքինին հայ համայնքին հանդէպ տածած հոգատարարութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, բայց մանաւանդ բոլոր դպրոցներու մէջ Ցեղասպանութեան պարտադիր դասաւանդման նահանգային պաշտօնական տնօրինման համար։

Այնուհետեւ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մեկնեցաւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ հոգելոյս Տ. Վազգէն Ա. Քհն. Պէքիարեանի ընտանիքին հետ ուղղուեցան «Յոյս» գերեզմանատունը, ուր Տէր Հօր շիրիմին առջեւ կատարուեցաւ քառասնօրեայ կարգի յատուկ արարողութիւնը։

Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս վեր առաւ իննսունամեայ Տէր Հօր բացառիկ ծառայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի բազմաթիւ  ծուխերէն ներս, նաեւ շեշտեց, որ հանգուցեալը ո՛չ միայն որպէս անձ, այլ նաեւ համայն ընտանիքով օրհնութիւն դարձաւ գաղութին՝ օրինակելի գործօն մասնակցութեամբ։