ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐՐԵՐԸ՝ ՕԴԸ, ՋՈՒՐԸ, ՀՈՂԸ ԵՒ ԿՐԱԿԸ
Հին յոյները դասական չորս տարրեր՝ օդը, ջուրը, հողը եւ կրակը, նշած էին իբրեւ ֆիզիքական աշխարհի նիւթական հիմքը։ Անոնց յունարէն անունները կը բխին հնդեւրոպական մայր լեզուէն, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այդ գաղափարը, թէեւ բացառիկ չէր, նաեւ կը գործածէին այդ վերակառուցուած լեզուն խօսողները՝ նախքան հին ու նոր հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին գոյութիւնը։
Սկսինք անգլերէն fire («կրակ») բառէն, որուն արմատը նախահնդեւրոպական *puro բառն է (յիշեցնենք, որ վերակառուցուած բառերը, որոնց իրական գոյութիւնը գրաւոր վկայութիւն չունի, կը գրուին աստղանիշով)։ Նախահնդեւրոպական լեզուի հնչիւնները միշտ նոյնական չէին «դուստր» լեզուներուն մէջ. ահա թէ ինչու հնդեւրոպական *p-ն անգլերէնի մէջ դարձած է f։ Հայերէն բառը՝ հուր, նաեւ եկած է *puro բառէն, ինչպէս հնդեւրոպական ծագումով այլ հայերէն բառեր, որոնք *p > h անցումը ցոյց կու տան, օրինակ՝ *pater > հայր։
Հապա՞ կրակ բառը, կարելի է հարցնել։ Այս բառը աւելի ուշ փոխառութիւն մըն է հայերէնի մէջ, բայց լեզուաբանները չեն համաձայնիր անոր ծագման մասին (-ակ վերջածանցը իրանական ծագում ունի, ուստի բառը կրնայ իրանական ըլլալ)։ Անշուշտ, այսօր կրակ բառը սովորական գործածութեան մէջ է, իսկ հուրը մնացած է զուտ գրական մակարդակի վրայ, դառնալով նաեւ բարդ բառերու արմատը (օրինակ՝ հրահան, հրշէջ, եւ այլն)։
Օդի պարագային, նախահնդեւրոպական *au (աւ) արմատը («փչել, շնչել») երկու ածանցներ ունեցած կ՚ըլլայ՝ *aue (յունարէն aer եւ ապա անգլերէն air) եւ*ue, որմէ ունինք լատիներէն ventus («հով», հմմտ. անգլերէն ventilator) եւ անգլերէն wind բառերը։
Նոյն նախահնդեւրոպական *au արմատը՝ աճական *dh մասնիկի յաւելումով, մեզի տուած է հայերէն աւդ բառը, որ դարձած է օդ երբ օ գիրը մտած է մեր այբուբենին մէջ միջնադարուն։
Առաջին եզրակացութիւնը այն է, որ հայերէն օդ եւ հուր բառերը իրենց ուղղակի ազգակիցները ունին անգլերէնի մէջ (air եւ fire)։
Հողի եւ ջուրի պարագային, պարագան քիչ մը աւելի բարդ է։
Հայերէն հող բառը կու գայ նախահնդեւրոպական *pol բառէն։ Նոյն արմատին մէկ ածանցն էր *pol-to բառը, որմէ ունինք անգլերէն fold («փարախ») եւ field («դաշտ») բառերը։
Իր կարգին, հայերէն ջուրի արմատը նախահնդեւրոպական *yuro բառն է, եւ այս *y հնչիւնէն յառաջացած է ջ հայերէն հնչիւնը։ Անգլերէն համապատասխան բառ չկայ նոյն արմատէն, բայց անգլերէնը լատիներէնէն փոխ առած է հեղուկի հետ կապուած բառ մը, որ նոյն հնդեւրոպական արմատէն կու գայ (urine «մէզ»)։
Շահեկան է նշել, որ հայերէն չորս բառերը բնիկ են, այսինքն՝ հնդեւրոպական մայր լեզուէն ուղղակի ծագած են, ինչպէս յունարէն բառերը։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ հակառակ դրացի լեզուներու (պարսկերէն, յունարէն, եւ այլն) ազդեցութեան, հայկական մտածողութեան կարգ մը տարրերը մնացած են իրենց սկզբնական արտայայտութեան ձեւով։