ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՒ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանը վերսկսաւ մեր սարկաւագներուն եւ եկեղեցական կարգերու թեկնածուներուն ուղղուած առցանց մնայուն դաստիարակչական ծրագիրը։ Շաբաթական այս դասընթացքի աշնան շրջանը սկսաւ Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, եւ պիտի ներկայացուի Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն՝ ժամանակային տարբեր պահանջներ գոհացնելու համար։ Թեմիս սարկաւագաց դասը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, հրաւիրուած են մասնակցելու։
Ուսումնական ծրագիրը պիտի քննէ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան աստուածաբանական հիմքն ու պատմական զարգացումը։ Դասերը պիտի տեւեն 90 վայրկեան եւ պիտի ներկայացուին հայերէնով եւ անգլերէնով, իսկ գրաբարը պիտի գործածուի Ս. Գիրքի եւ շարականներու բնագիրներու բացատրութեան ընթացքին։ Նիւթերը պիտի ուղարկուին իւրաքանչիւր շաբթուան քննարկումներէն առաջ։
Աշնան ուսումնական ծրագիրը պիտի պարունակէ Հայց. Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան եղանակները։ Պիտի քննուի Աստուածայայտնութեան (հայկական Ս. Ծնունդի), Պահքի, Աւագ Շաբթուան, Հոգեգալուստի, Այլակերպութեան, Աստուածածնի եւ Ս. Խաչի տօներու զարգացումը, ներառելով նաեւ աստուածաբանական, քրիստոսաբանական, խազագիտական եւ եկեղեցագիտական նիւթեր։
Դասերուն հետեւելու մասնաւոր պահանջներ չկան, բացի Աստուծոյ ծառայելու նուիրումէն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդմէջէն։
Բարեշնորհ Դոկտ. Ճորճ Ա. Սրկ. Լէյլէկեան Արեւելեան թեմի աւագ սարկաւագ է եւ ծիսագիտութեան հմուտ դասախօս է։ Գիրքեր ու յօդուածներ հեղինակած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան մասին։
Կը թելադրենք մեր հաւատացեալներուն, որ այս առիթէն օգտուին՝ իրենց եկեղեցագիտական գիտելիքները խորացնելու համար։ Ձեր դիմումնագիրները հաճեցէք յղել Ճորճ Ա. Սարկաւագի հասցէին՝ armeniandiaconate@yahoo.com, ձեր ներկայութիւնը հաստատելու, դասընթացքի նիւթերը ստանալու եւ ձեր կապի տեղեկութիւնները թարմացնելու համար։