
News
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹԵՄԷՍ ՆԵՐՍ

Թեմիս բոլոր եկեղեցիները նշեցին Խաչվերացի տօնը Կիրակի, 12 Սեպտեմբերին։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ Անդաստանի աւանդական արարողութիւնը եւ ռեհանի օրհնութիւնը։ Նկարներուն մէջ՝ Խաչվերացի տօնի պահեր Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) մէջ։