Սիրելի հարազատներ,
Նմանելու ձգտումը առ հասարակ արարածներու, բայց մանաւանդ մարդ էակին մօտ բնածին ձգտումն մըն է, որ հետզհետէ աւելի կը զարգանայ։ Այսպէս, մանուկը նախ կ՚ուզէ նմանիլ ծնողաց կամ ընտանիքի անդամներու, աւելի ուշ՝ ուսուցիչներու եւ դասընկերներու, սուրբերու կամ հերոսներու, երեւելի դերակատարներու կամ յաջողակ անձերու։
Երկնային ձայն մը ամենայն համեստութեամբ մեզի կը յիշեցնէ, որ կայ ՄԷԿԸ՝ Աստուած, զոր նկատի չենք ունենար մեր ցանկին վրայ, որ ըսաւ. «Պէտք է սուրբ ըլլաք, ինչպէս ես սուրբ եմ» (Ղեւ․ 19:2)։
Առաջին պարագան՝ նմանիլ անձերու, համեմատաբար դիւրին է, նկատի ունենալով հանդերձ բոլոր դժուարութիւնները։ Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք անդրանցնիլ մարդկային մեր սահմանները եւ նմանիլ Աստուծոյ։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նմանօրինակ պատգամ մը կու տայ երբ կ՚ըսէ. «Կատարեալ եղէք ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5:48), եւ Ան կը հայթայթէ մեզի գործնական եւ պարզագոյն ձեւը նմանողութեան, ըսելով. «Անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի․․․որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք»:
Ի՜նչ հոյակապ հրաւէր որ գիտակցինք աստուաածապարգեւ մեր կարողութիւներուն, գերազանցենք զմեզ եւ նմանինք մեր Արարիչին ու երկնաւոր Հօր»։
Այս մօտեցումով, որքա՜ն ինքզինքս հարազատ կը զգամ Տէրունական պատուէրին, որովհետեւ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ յայտնել, թէ Լիբանանի մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն մեր նուիրահաւաքը հասած է 70,015 տոլարի, եւ շուտով, վեց թուանշանի կը հասնի մեր օժանդակութիւնը Լիբանանահայոց Թեմին։
Թող Ամենակալ Տէրը իր բարեգութ նախախնամութեամբ պահէ, պահպանէ ու աճեցնէ մեզ մարմնով, մտքով ու հոգիով։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ