Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԼԻՒՍԻ ՏԷՐ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆԻ (7 Յուլիս, 1928- 20 Սեպտեմբեր, 2021)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ցաւով իմացան հայագէտ Լիւսի Տէր Մանուէլեանի մահուան լուրը։

Դոկտ. Լիւսի Տէր Մանուէլեան, որ Թաֆթս համալսարանի հայ արուեստի ու ճարտարապետութեան ամպիոնի երկարամեայ հիմնադիր-վարիչը եղած էր մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 2006ին, իր մահկանացուն կնքած է Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, 93 տարեկանին։ Ժամանակին, ան զանազան առիթներով դասախօսած է Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու։

Դոկտ. Տէր Մանուէլեանի անխոնջ աշխատանքով հիմնուած ամպիոնը, որ կը կրէ անոր նիւթական հիմքը հայթայթած՝ փաստաբան Արթըր Տատեանի եւ գործարար Արա Էօզտէմէլի անունները, հայ արուեստի միակ մնայուն համալսարանական ամպիոնն է Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս։

Լիւսի Տէր Մանուէլեան իր ուսումը ստացած էր Հարվըրտ համալսարանին մէջ, եւ երկու տասնամեակ ուսումնական կեանքէ հեռու մնալէ ետք՝ ընտանեկան պատճառներով, իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1980ին։ Գեղարդի քանդակագործութեան նուիրուած աշխատութիւնը, Թաֆթս համալսարանի ամպիոնի այժմու վարիչ՝ փրոֆ. Քրիստինա Մարանչի, գրած է փրոֆ. Տէր Մանուէլեանի մահագրութեան մէջ, «առաջին լուրջ անգլերէն մենագրութիւնն էր այդ վայրի մասին», որ կը նկատուի «հայ արուեստի նուիրուած առաջին ամերիկեան աւարտաճառը»։

Հանգուցեալ հայագէտը իր աշխատակցութիւնը բերած է զանազան գիտական ձեռնարկներու, ինչպէս “Dictionary of the Middle Ages” (1982-1989) եւ “Grove Dictionary of Art” (այժմ՝ Oxford Art Online), եւ գրած է յօդուածներ զանազան հայագիտական հատորներու համար։ Հայկական ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան զանազան աշխատութիւններու կողքին, ան նաեւ գրած է հայ արուեստի այլ բնագաւառներու, յատկապէս՝ գորգագործութեան մասին։ “Weavers, Merchants, and Kings: The Inscribed Rugs of Armenia” ցուցահանդէսին հատորը (1984) անգլերէն հիմնարար աշխատութիւն մըն է հայ գորգագործութեան պատմութեան ուսուիմնասիրութեան համար։

1970-1980ական թուականներուն, դոկտ. Տէր Մանուէլեան բազմիցս ճամբորդած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ընդարձակ լուսանկարչական աշխատանք կատարած է, յաճախ՝ դժուարին ու վտանգաւոր պայմաններու մէջ, վանքերու եւ եկեղեցիներու փաստագրումին համար։ Մերթ ընդ մերթ, գաղտնի ոստիկանութեան թիրախ դարձած է՝ լրտեսութեան կասկածներու տակ։ Փրոֆ. Մարանչի կը պատմէ. «Գիշեր մը, Երեւանի մէջ, զինք այցելեցին, եւ, լուսանկարչական ժապաւէնը յանձնելէ խուսափելու համար, Լիւսի զայն պահեց իր հագուստին տակ, մարտահրաւէր կարդալով, որ փորձէին ձեռք տալ անոր։ Արուեստի պատմութիւնը յաղթեց եւ այժմ լուսանկարները ունինք»։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնը կըյ յայտնեն դոկտ. Տէր Մանուէլեանի ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։