ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ՝ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 19 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ անկախութեան 30ամեակին, գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս, որոնց կարգին՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ընդ նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի եւ եկեղեցւոյ սարկաւագներու: Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արցախի անկախութեան պայքարի նոր նահատակներու հոգիներուն համար։ Ներկայ էր նաեւ Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս: