Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՐՔ. ՄԵԼԻՔ-ԹԱՆԳԵԱՆ (վախճանում՝ 29 Սեպտեմբեր, 1948)

Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանի անունը իր ժողովրդանուէր գործուէութեամբ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ անցեալ դարու առաջին կէսի մեր Եկեղեցւոյ սպասաւորներու շարքին։

Աւազանի անունով՝ Նիկողայոս, ծնած է 19 Մարտ, 1866ին, Բռնակոթ գիւղին մէջ (Սիւնիք)։ 1876-1877ին իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք գիւղի վարժապետին մօտ, ընդունուած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1886ին։ Երկու տարի գիւղին մէջ դասաւանդելէ ետք, 1888ին փոխադրուած է Շուշի, ուր ուսուցիչ եղած է Թեմական դպրոցին եւ Մարդասիրական Ընկերութեան վարժարանին մէջ, մինչեւ որ ռուս կառավարութիւնը հրապարակած է հայկական դպրոցներու փակման հրովարտակը 1896ին։

Մելիք-Թանգեան մեկնած է Ս. Փեթերսպուրկ, ուր հետեւած է իրաւաբանական ուսումի տեղւոյն համալսարանին մէջ։ Մասնագիտացած է հայ եկեղեցական իրաւունքի մէջ, որուն արդիւնքը պիտի ըլլար իր երկհատոր հիմնական գործը՝ «Հայոց եկեղեցական իրաւունք», որ լոյս տեսած է 1903ին եւ 1905ին, Շուշիի մէջ։ Ծրագրուած երրորդ հատորը լոյս տեսած չէ։

Համալսարանաւարտ ըլլալէ ետք 1900ին, անցած է Ս. Էջմիածին, ուր նոյն տարին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 1901ին՝ վարդապետ, ստանալով Ներսէս անունը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Ա., նոյնինքն Խրիմեան Հայրիկը, նշմարելով երիտասարդ հոգեւորականին եռանդն ու խանդավառութիւնը, Տաթեւի վանքի վանահայր նշանակած է զինք։

Տաթեւի նոր վանահայրը դէմ դրած է 1903ի ռուս կառավարութեան հրովարտակին, որ Հայ Եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւումը կը հրահանգէր։ Այնուհետեւ, ժողովրդային պաշտպանութիւնը քաջալերած է 1905-1907ի հայ-թաթարական բախումներուն ընթացքին։ Սակայն, ցարական կառավարութեան թշնամանքի ենթակայ ըլլալով, այլեւս չէ կարողացած Տաթեւ մնալ։ Հայրիկը զինք նշանակած է դիւանապետ, բայց այս պաշտօնավարութիւնն ալ կառավարութեան կողմէ լաւ աչքով դիտուած չէ։ Հակակառավարական հնարովի մեղադրանքներով, Խրիմ աքսորուած է։

Նորըտիր կաթողիկոս Մատթէոս Ա.ի միջամտութեան շնորհիւ, 1909ի աշնան վերադարձած է ու նշանակուած՝ Ս. Էջմիածնի վանական կառավարման յանձնաժողովի նախագահ (1910-1912)։ 1912ին, Գէորգ Ե. Կաթողիկոս զինք նշանակած է Ատրպատականի Թեմի առաջնորդ։ 1914ին ստացած է եպիսկոպոսական տիտղոս, իսկ պատերազմի ընթացքին Մեծ Եղեռնէն ու Կովկասէն գաղթականներուն հանդէպ ցուցաբերած անձնուէր աջակցութեան համար, 1917ին արքութեան տիտղոսին արժանացած է՝ ժողովուրդի բուռն փափաքով։ 1918ին յաջողած է հայութեան ջարդը կանխել՝ օսմանեան բանակի Ատրպատական ներխուժումին ժամանակ։ Փորձած է իր պաշտօնէն հրաժարիլ 1919ին, բայց ժողովուրդի ընդդիմութիւնը կանխած է իր մտադրութիւնը։

Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան մինչեւ կեանքին վերջը ծառայած է Ատրպատականի հայութեան բարօրութեան ու բարգաւաճման՝ ազգային կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Ան նաեւ վարած է Ատրպատականի կեդրոնի՝ Թաւրիզի հայկական դպրոցներու հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետութիւնը, 36 տարի շարունակ։

Երախտաւոր հոգեւորականը վախճանած է Թաւրիզի մէջ, 29 Սեպտեմբեր, 1948ին։ Թաղուած է զինուորական պատուով, Մոհամմէտ Ռեզա Փահլեւի շահի ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ։