Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆ 

ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Առակ. 3.18-26, Ես. 65.22-25

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 24: 30-36

Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ է: Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:

    Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը:

 

ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6: 14-18

Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը: Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ, որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ’ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն:

Այսուհետեւ, խնդրեմ, ոեւէ մէկը աշխարհիկ հոգերով թող զիս չնեղէ, որովհետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն:

Եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն: