«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՏԻԿ. ՄԱՐԻ ԿԻՒԼԻՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ
28 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Մանկավարժական Նորարար Առցանց տարեկան Ծրագրի առաջին հանդիպումը, որ ուղղուած է սփիւռքահայ ուսուցիչներուն։ Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի այս նախաձեռնութիւնը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութիւնը։
Հանդիպման բացումը կատարեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց մեսրոպաշունչ դաստիարակները, որ ամենայն նախանձախնդրութեամբ մօտենալով արդի մանկավարժութեան դասաւանդման մեթոտներուն, սիրայօժար ու խանդավառութեամբ կը մասնակցին այս ծրագրին։
Վերջերս Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը հարցազրոյց մը վարեց Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանի հետ, որ կը բացայայտէ ձեռնարկին տարբեր երեսները յղացքէն մինչեւ ի գործ դնելը։ Հարցազրոյցը այստեղ կու տանք ամբողջութեամբ։