«Առաջնորդարանը ծուխերուն համար» ծրագիրը իր շարունակութիւնը ունեցաւ Շաբաթ, 25 Սեպտեմբերին, Նորթ Անտովըրի մէջ (Մասաչուսեթս)՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ։ Հեծանիւով երթ ու դարձի պտոյտ մը տեղի պիտի ունեցաւ Ուիտհըմէն մինչեւ Սէյլըմ (Նիւ Հէմշիր) երկարող Windham Rail Trailի 10 մղոն ճամբով, եւ առիթ տուաւ դրամահաւաքի՝ ի նպաստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսւաորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Նորթ Անտովըր)՝ 51ամեակին։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու, շնորհաւորեց այս յոբելեանը, մաղթելով որ ծուխը միակամ սրտով շարունակէ ապրիլ հայ հաւատքը, առողջ հիմերու վրայ պահելով Մերիմաք Վէլիի եւ շրջակայից հայ համայնքը։