ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՅԻՇԷ 44ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
27 Սեպտեմբեր, 2020 ճակատագրական թուական մըն էր, որ իր սեւ կնիքը դրոշմեց մեր ժամանակակից պատմութեան վրայ։ Արդարեւ, Արցախ աշխարհը անգամ մը եւս թուրք-ազերի բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետացած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ հողային հսկայ տարածքներ։
Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայրենի հողի պաշտպանութեան ի խնդիր հերոսաբար զոհուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուակայանը դիմելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին, փափաքեցաւ իմանալ Նորին Սրբութեան մտածումները Արցախեան պատերազմի տարելիցին առիթով։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կը յիշեն Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը՝ իր մարդկային, հողային ու նիւթական ահաւոր վնասներով եւ հոգեկան յուզումնախառն զգազումներով։ Այս տխուր առիթով մեր նայուածքներն ու մտածումները կ՚ուղղենք առաջին հերթին նահատակներու ծնողներուն՝ ըսելով. “Ձեր զաւակները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան համար”։ Ան որ այս սրբազան նպատակին համար ինքզինք կը զոհէ՝ նահատակ է, եւ դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ձեր զաւակը մեր ազգին ու հայրենիքին համար դարձած է նահատակ։ Այսօր, երբ կը յիշենք մեր նահատակները, նաեւ պէտք է լսենք երկինքէն երկիր մեզի հասնող անոնց պատգամը. հաւատքով ու նուիրումով պաշտպան կանգնեցէ՛ք հայրենիքին, թշնամիին դիմաց մնացէ՛ք ամուր, անզիջող՝ հաւատքով ու կամքով կռանուած։ Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր նահատակները կռուեցան ու զոհուեցան»։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Ժողովուրդ մը իր նահատակներով կը մեծնայ, կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ։ Այս կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը»։