ՋԻՒԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 2 Հոկտեմբեր, 1928)
Ջիւան Գասպարեանի շնորհիւ, դուդուկը պարզ ժողովրդական գործիքի իր տեղէն ցատկեց ու հասաւ մինչեւ միջազգային բեմ։ Հայրենի դուդուկահարը համաշխարհային առասպելական տիպար մը պիտի դառնար՝ իր 60ամեակը բոլորելէ ետք։
Ապագայ երաժիշտը ծնած է 12 Հոկտեմբեր, 1928ին, Կոտայքի մարզի Սոլագ գիւղին մէջ։ Սկսած է դուդուկ նուագել վեց տարեկանին։ Մայրը կորսնցուցած է 1941ին, իսկ հայրը մեկնած է պատերազմելու, ուստի մեծցած է որբանոցի մէջ։ Գասպարեան 21 տարեկանին Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարած երգի ու պարի ժողովրդական համոյթի մենակատար դարձած է, թէեւ երաժշտութիւն կարդալ չէ գիտցած մինչեւ հասուն տարիքը։
Ան ԻՒՆԵՍՔՕի չորս համաշխարհային մրցոյթներու մետալներ շահած է (1959, 1962, 1973 եւ 1980), իսկ 1973ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսին արժանացած է։ 1980ին, 52 տարեկանին, աշակերտ արձանագրուած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ, որուն դասախօսը դարձած է աւելի ուշ։
Ջիւան Գասպարեանի միջազգային երաժշտական գործունէութիւնը սկսած է 1988 թուականին, երբ աշխարհահռչակ երաժիշտ Պրայան Ինօ, պատահաբար լսելով անոր ելոյթը Մոսկուայի մէջ, որոշած է զինք Լոնտոն հրաւիրել։ Ուրիշ աշխարհահռչակ երաժիշտ մը՝ Փիթըր Կապրիէլ, նոյն տարի Գասպարեանի նուագած մեղեդիները օգտագործած է նշանաւոր բեմադրիչ Մարթին Սքորսեզէի «Քրիստոսի վերջին փորձութիւնը» շարժանկարին մէջ։ Անոր երաժշտութիւնը հետագային հնչած է ուրիշ ժապաւէններու մէջ՝ «Օրացոյցը» (Աթոմ Էկոյեան, 1993), «Ագռաւը» (1994), «Քալող մեռած մարդը» (1995), «Պաշարումը» (1998), «Ռոնին» (1998), “Gladiator” (2000), որ շահած է Օսկար՝ լաւագոյն ինքնատիպ երաժշտութեան համար, «Սիրիանա» (2005), «Արիւնոտ ադամանդ» (2006) եւ «Սամսարա» (2011)։ Համագործակցած է միջազգային զանազան արուեստագէտներու հետ։ Պատրաստած է աւելի քան 20 խտասալիկ եւ ունի աւելի քան 1000 ձայնագրութիւններ։ Ջիւան Գասպարեան նուագած է շուրջ 20.000 համերգներու մէջ։
2006ին «Կրէմի» մրցանակի թեկնածու եղած է՝ աւանդական երաժշտութեան լաւագոյն ալպոմի համար։ 2010ի «Եւրովիսիոն» մրցոյթին մասնակցած է Էվա Ռիվասի «Ծիրանի քար» երգին, հանդիսանալով ամենէն երէց անձը որ մասնակցած է այդ մրցոյթին, թէեւ պաշտօնապէս արձանագրուած չէ իբրեւ հիւր արուեստագէտ։
Ջիւան Գասպարեան իր մահկանացուն կնքած է 6 Յուլիս, 2021ին, 92 տարեկանին։ Մահուան առիթով, Փիթըր Կապրիէլ զինք կոչած է «գործիքին մեծ վարպետը», աւելցնելով, որ «երբ դուդուկը շրթունքներուն կը տանէր, կը կախարդէր բոլոր ունկնդիրները»։