ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 20:2-21:6
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 4:14-23
Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւը տարածուեցաւ: Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ’ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին:
Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց: Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը: Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ’ըսէր.-
«Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,
երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»:
Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ: Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին, երբ ըսաւ.
– Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ:
Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ’ըսէին.
– Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
Յիսուս ըսաւ.
– Անկասկած ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»: Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ:
ԹՈՒՂԹ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:3-18
Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք:
Ճիշդ է որ նախապէս երբ զԱստուած չէիք ճանչնար, չաստուածներու կը ծառայէիք: Բայց հիմա որ զԱստուած ճանչցաք եւ մանաւանդ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս կրկին կը վերադառնաք բնութեան տկար ու խեղճ ոյժերու պաշտամունքին եւ վերստին կ’ուզէք անոնց ծառայել. յատուկ կարեւորութիւն կու տաք որոշ օրերու եւ ամիսներու, որոշ ժամանակներու կամ տարիներու: Կը վախնամ որ ձեզի համար տարած ամբողջ աշխատանքս զուր անցած ըլլայ:
Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, ինծի պէս եղէք, քանի ես ալ ժամանակ մը ձեզի պէս էի:
Ձեզի դէմ բնաւ գանգատ մը չունիմ: Ընդհակառակը. հարկաւ գիտէք թէ սկիզբը, երբ Աւետարանը ձեզի քարոզելու եկայ, տկար էի մարմնով. եւ հակառակ անոր որ հիւանդ վիճակովս փորձանք եղայ ձեզի, չանարգեցիք զիս, ո՛չ ալ արհամարհեցիք. այլ զիս ընդունեցիք այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ հրեշտակը կամ Քրիստոս Յիսուսը պիտի ընդունէիք. եւ ուրախութեամբ ըրիք ատիկա: Հիմա ի՞նչ պատահեցաւ: Կրնամ վկայել ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքերը կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի: Միթէ ճշմարիտը խօսած ըլլալուս համար թշնամի՞ եղայ ձեզի: Մի՛ կարծէք թէ ձեզի հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերող այդ մարդիկը ձեր բարիքը կը խորհին: Ո՛չ: Անոնք կ’ուզեն ձեզ ինձմէ բաժնել, որպէսզի ամբողջութեամբ իրենց հետեւիք: Բայց երանի տե՛ւաբար բարիին նախանձախնդիր ըլլայիք, եւ ո՛չ միայն երբ որ ես ձեր մէջ ներկայ եմ: