ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ուրբաթ, 15 Հոկտեմբերին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Զաւէն Խանճեանի այցելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու պրն. Խանճեանը քննարկեցին Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տագնապը եւ հայութեան ներկայ վիճակը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։