Առաջնորդարանէն

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Յեսուի հրամանով արեւուն բնականոն ընթացքի պահուան մը կասեցումը եթէ կասկածելի կը նկատուի, սակայն համավարակի առթած համաշխարհային ընկերային կեանքի յեղաշրջումը անուրանալի կերպով ապրուած դառն փորձառութիւն մը եղաւ, որ ընդ երկար պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։ Թեմիս հոգեւորականները, որոնք ամսօրեայ դրութեամբ Zoomի միջոցաւ հաղորդակցութեան մէջ կ՚ըլլային, Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, 18-19ի Հոկտեմբերին, Լոնկ Այլընտի «Անարատ Յղութեան» դպրեվանքին մէջ կարօտով զիրար ողջունեցին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, դիւանը կազմուեցաւ. Արժպ․ Տէր Սարգիս Ա․ Քհն․ Ագթաւուգեան՝ ատենապետ, եւ Արժպ․ Տէր Կարապետ Քհն․ Թէլֆէեան՝ ատենադպիր։

Օգտաշատ եւ գործնական զոյգ դասախօսութիւններ ներկայացուցին Արժպ․ Տ. Վահան Քհն․ Գույումճեան եւ Տ. Նարեկ Քհն․ Թրթռեան, նիւթ ունենալով «Ամերիկածին երիտասարդին կրօնական-կենսաբանական հիմքը» եւ «Ընտանեկան վատառողջ յարաբերութեան ախտաճանաչումը»։ Արժպ․ Տ. Ներսէս Ա․ Քհն. Մանուկեան վարեց հովուական փորձառութեանց փոխանակման նիստ մը, Գերպ․ Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեան ներկայացուց Թեմիս 2022ի առաջնահերթ ծրագիրներու ընդհանուր պատկերը, իսկ Արժպ․ Տ. Անդրանիկ Ա․ Քհն․ Պալճեան յատկապէս կեդրոնացաւ Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեայ ծառայութեան վրայ։ Շանթ Ա․ Սրկ. Գազանճեան ներկայացուց քրիստոնէական դաստիարակութեան ընթացիկ տարեշրջանի ծրագիրները։

Համագումարը ընդգրկեց նաեւ աղօթքի ու խոկումի պահեր, որոնց ընթացքին Արժպ․ Տ. Պետրոս Քհն․ Շիթիլեան եւ Տ. Թորգոմ Քհն․ Չորպաճեան ներկայացուցին խորհրդածութիւններ։

«Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով հոգեւոր հայրերը հրաժեշտ տուին, նորոգուած հաւատքով ու եռանդով։