«ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԻԿ. ՄԱՅՏԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ
Կիրակի, 17 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ջրաւանի (Ուոթըրթաուն) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (քարոզը տեսնել առանձինն)։ Յաւարտ սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի ամսուան ոգին արտայայտող ձեռնարկ մը՝ պատուելով հայ մշակոյթի անխոնջ մշակ մը՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեան։ Ի պատիւ մեծարեալին, եկեղեցւոյ հովիւ, հոգաբարձութիւն եւ Տիկնանց Միութիւն կազմակերպած էին ճաշկերոյթ մը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, ողջունեց ներկաները, քաջալերելով անոնց մասնակցութիւնը։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը, եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց յիսուն եւ հինգ տարիներու հայեցի կրթութեան բազմավաստակ մշակ՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեանը։
Շքանշանակիը դաստիարակը յուզումնախառն արտայայտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար, որ կը պատկանէր նաեւ իր բոլոր գործակիցներուն։ Ան դիպուկ յիշողութիւն մը բաժնելով ներկաներուն հետ, յայտնեց, թէ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը աւարտելէ ետք, երբ կ՚առաջարկուի իրեն հայ լեզու դասաւանդել, կը մերժէ, առարկելով թէ ինք անփորձ է, սակայն իր մեծ հօր՝ վաստակաւոր Մկրտիչ Մկրտիչեանի քաջալերանքին վրայ առաջին քայլը կ՚առնէ, որուն կը հետեւի յիսուն եւ հինգ տարիներու ուսուցչական ասպարէզի երախտարժան ծառայութիւնը։
Սրբազան Հայրը դրուատելով տիկ. Մելքոնեանի արժանիքները, վեր առաւ անոր բացառիկ նուիրուածութիւնը՝ սերունդին մէջ բոցավառելու հայ լեզուի ու մշակոյթի սէրը, մանաւանդ շեշտելով արդի մանկավարժական մեթոտներով մշտական կերպով նորոգուելու իր նախանձախնդրութիւնը, որպէսզի հաճելի դարձնէ Ոսկեղնիկը վտարանդի այս ափերուն վրայ ծնած ու հասակ առած նոր սերունդին։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ, հանդիսավարութեամբ՝ Նարդուհի Ապրիմեանի։ Մեներգեցին Անի Զարգարեան եւ Մարի Գալստեան, եւ դաշնակի վրայ նուագեց Մարինէ Մարգարեան)։
Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս ձեռնարկը որպէս անդրանիկ հաւաք՝ համավարակի պատճառաւ դադրած համայնքի ընկերային կեանքին, դրական առիթ պիտի հանդիսանայ աստիճանական կերպով վերադառնալու հաւաքական կեանքի օրհնութեան։ «Պահպանիչ» աղօթքով ու Կիլիկիա երգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։