Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տեսաժողով մը Նիւ Ինկլընտի ծուխերու հովիւներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխաններուն հետ, որուն նիւթն էր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վերարժեւորումը եւ ուժեղացումը համավարակէն ետք։ Շրջանի եօթը եկեղեցիներէն աւելի քան 60 հոգի մասնակցեցաւ։
Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի բացման աղօթքէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իր պատգամը տուաւ։ Յանուն Ազգային Վարչութեան, ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեան, Ազգային Վարչութեան եւ Առաջնորդարանի ներկայ գործունէութեան մասին համառօտ զեկոյց մը տուաւ։ Երեկոյեան առաջին ներկայացումը կատարեցին Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան (հոգեւոր հովիւ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) եւ Արժ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան (հոգեւոր հովիւ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս), որոնք անդրադարձան ծուխերը վերաշխուժացնելու հրամայականին, շեշտը դնելով քրիստոնէական արժէքներու եւ ծխականներու հետ մշտական կապերու ուժեղացման եւ այդ ուղղութեամբ միջոցներ գտնելուն վրայ։
Երկրորդ նիւթը երիտասարդութիւնն էր, զոր ներկայացուց տիկ. Անի Օվաննէսեան՝ Առաջնորդարանի երիտասարդական ծառայութեան տնօրէն։ Ան ընդգծեց պատանիներու հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ անոնց համապատասխան ձեւերով։ “Salt and Light” ծրագիրը մեծ յաջողութիւն ունեցած է եւ կրնայ կիրարկուիլ ըստ ծուխերու կարելիութեան։ Առաջարկուեցաւ, որ աւելի փոքր ծուխերը միասնաբար ստանձնեն այս ծրագիրը, ինչ որ գործակցութեան եւ փոխադարձ ճանաչման զգացողութիւնը աւելի պիտի խորացնէ։
Հարց ու պատասխանի բաժինը առիթ դարձաւ, որ ծուխերը բաժնեկցէին գաղափարներ ու փորձառութիւններ։
Փակման աղօթքը կատարեց Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) հոգեւոր հովիւ։
Ազգային Վարչութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն նոյն նիւթով հանդիպումներ պիտի գումարէ ատլանտեան եւ միջին արեւմտեան շրջաններու ծուխերուն հետ։