Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

Ը. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես 22։15-25

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 8:17-21

Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ’ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի:

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն, ըսելով.

Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ’ուզեն քեզ տեսնել:

Յիսուս ըսաւ.

Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն:

 

ԹՈՒՂԹ ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-14

Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Քրիստոս Յիսուսի առաքեալը, կը գրեմ Եփեսոս բնակող եղբայրներուդ, Քրիստոս Յիսուսի հաւատացողներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ: Անիկա աշխարհի գոյութենէն իսկ առաջ մեզ ընտրած էր՝ Քրիստոսի միջոցաւ իրեն պատկանելու համար, որպէս սուրբ եւ անարատ ժողովուրդ, եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլալու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը:

Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար, որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ: Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք: Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ: Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի: Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին, Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ:

Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան: Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագրին ու կամքին, անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ իր փառքը գովերգելու. մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք: Դուք ալ, երբ լսեցիք ճշմարիտ քարոզութիւնը, այսինքն Աւետարանը որ ձեզի փրկութիւն բերաւ, հաւատացիք Քրիստոսի եւ խոստացուած Սուրբ Հոգիով կնքուեցաք: Եւ Սուրբ Հոգին գրաւական է, թէ պիտի ժառանգենք Աստուծոյ խոստումը, երբ Աստուած պիտի փրկէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի իր փառքը գովերգենք։