Մեր դպրոցներէն

«ՀԱՄԱՍՏԵՂ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 17 Հոկտեմբերին, «Համաստեղ» վարժարանը (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) 2020ի եւ 2021ի հունձքերուն նուիրուած իր շրջանաւարտից հանդէսը ունեցաւ։ Մեծապէս սպասուած այս արարողութեան, որ անցեալ տարի յետաձգուած էր համավարակի պատճառով, գլխաւոր բանախօսն էր Եղիսաբէթ Չուլճեան, որ շրջանաւարտներուն ներշնչող պատգամը մը ուղղեց՝ կամուրջ ըլլալու եւ ապագայ սերունդներու Համաստեղները դառնալու։ Վարժարանը նաեւ 2020ի եւ 2021ի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումը կատարեց։

Տնօրէնուհի տիկ. Ժանէթ Փէլթէքեան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց 8րդ դասարանի ուսուցչուհի՝ տիկ. Լենա Թաթարեան-Տէմիրճեանին, աւելի քան 24 տարուան ծառայութեան, եւ 7րդ դասարանի ուսուցչուհի՝ տիկ. Շողիկ Թաթարեան-Ակիլեանին, աւելի քան տասնամեայ ծառայութեան համար։