Միքայէլ Մազմանեան ծանօթ ու ազդեցիկ անուն մը եղած է խորհրդահայ ճարտարապետութեան մէջ, որուն աշխատանքը Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու հասած է՝ ստալինեան մաքրագործումներուն պատճառով։
Ծնած է Թիֆլիս, 21 Նոյեմբեր, 1899ին։ 1918ին «Ներսիսեան» դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է։ Նախապէս, 1916ին, մասնակցած էր Անիի պեղումներուն եւ ընդօրինակած Ս. Գրիգոր (Տիգրան Հոնենցի կողմէ կառուցուած) եկեղեցւոյ պատկերները՝ հետեւելով պատմաբան ու հնագէտ Նիկողայոս Մառի ցուցմունքներուն։ Ան նաեւ ցուցադրած էր իր գեղարուեստական կարողութիւնները, մասնակցելով Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտներու Միութեան առաջին (1917) եւ երկրորդ (1919) ցուցահանդէսներուն՝ ծաղրանկարներով եւ գեղանկարներով։
Մարտիրոս Սարեանի յանձնարարութեամբ, 1921ին, Մազմանեան մտած է նոր հիմնուած «Վխուտեմաս»ը(Բարձրագոյն գեղարուեստա-թեքնիք արհեստանոցներ) Մոսկուայի մէջ։ Ուսման տարիներուն, ստեղծած է որմազդերու եւ ծաղրանկարներու շարքեր, պատկերազարդած է գիրքեր, նկարած է բեմադրութիւններ եւ թարգմանած է գիրքեր։ Ան բարեկամացած է Եղիշէ Չարենցի հետ եւ մասնակցած՝ անոր Standart գրական խմբակցութեան, 1924ին։
1926ին, «Վխուտեմաս»ը վերակազմակերպուած է, դառնալով «Վխուտէին»ը (Բարձրագոյն գեղարուեստա-թեքնիք հիմնարկ) Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ։ Մազմանեան շրջանաւարտ եղած է 1929ին։ Հիմնադիր անդամ եղած է համառուսական Պրոլետարական Ճարտարապետներու Միութեան (1929) եւ Հայաստանի Պրոլետարական Ճարտարապետներու Միութեան (1932)։
1920ականներու մեծ մասը Ռուսաստան անցընելէ ետք, Մազմանեան գործուղուած է Հայաստան 1929ին։ Երկրի թեքնիք կրթութեան կազմակերպիչներէն մէկը եղած է իբրեւ Երեւանի Շինարարութեան հիմնարկի առաջին տնօրէն (1930-1935)։ Ալավերտիի, Ղափանի (Կապան), Լենինականի (Գիւմրի) եւ Կիրովականի (Վանաձոր) գլխաւոր յատակագիծերը պատրաստուած են անոր ղեկավարութեամբ, 1929-1937ին։ Ան նաեւ նախագծած է Երեւանի կարգ մը յայտնի շէնքեր, ինչպէս շինարարներու ակումբը (1928-1929, այժմ՝ ռուսական թատրոնը եւ սպորտի կոմիտէն), գրապալատը (1935-1940), կեդրոնական հանրախանութը (1936-1937)։ Մազմանեան եւ իր պաշտօնակից Գէորգ Քոչար գլխաւորած են «Գիպրոգոր» նախագծային գրասենեակի ճարտարապետական աշխատանոցը (1932-1937) եւ նախագծած են Գրողներու Միութեան գրողներու հիւրանոցը Սեւանի մէջ (1932)։
Երկու ճարտարապետները ստալինեան բռնութիւններու հերթական զոհերը եղած են։ Ձերբակալուած ու աքսորուած են հիւսիսային բեւեռի մերձակայ շրջանը։ Տասնհինգ տարի պարտադրուած են ապրիլ աշխարհի ամենացուրտ տեղը եւ այդ միջոցին նախագծած ու կառուցած են Նորիլսկ քաղաքը (1939-1954), այնուհետեւ՝ Տուտինկա քաղաքը (1949-1954)։ Ստալինի մահէն ետք, անոնց գործը վերանայուած է ու Մազմանեան վերադարձած է Երեւան, 1954ին։
Աքսորի շրջանէն ետք, Մազմանեանի կեանքի երկրորդ բեղուն շրջանը սկսած է։ Ան նշանակուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի նախագծային գրասենեակի տնօրէն (1954) եւ «Երեւաննախագիծ» կազմակերպութեան քաղաքաշինութեան բաժնի վարիչ (1958)։ Ղեկավարած է քաղաքի տարբեր թաղամասերու նախագծումը (1955-1969) եւ քաղաքի գլխաւոր յատակագծի պատրաստութիւնը (1967-1968)։ 1957-1971ին, Ս. Էջմիածնի ճարտարապետութեան ու շինարարութեան յանձնաժողովի նախագահն էր։ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստի գործիչի (1959) եւ վաստակաւոր ճարտարապետի (1968) տիտղոսներուն արժանացած է, ինչպէս եւ կարգ մը շքանշաններու։
Միքայէլ Մազմանեանի վերջին ծրագիրը եղած է Երեւանի՝ մէկ միլիոննոց քաղաքի գլխաւոր նախագիծը (1971)։ Ան մահացած է 29 Հոկտեմբեր, 1971ին։ Երեւանի փողոցներէն մէկը կը կրէ անոր անունը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)