Շաբաթ, 13 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքը (Պէթէստա, Մէրիլէնտ), համավարակի թմբիրէն արթննալու գործնական քայլ առնելով, խմբուեցաւ ապագային կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողամասին վրայ եւ Անդաստանի արարողութեամբ նոր երազներու իրագործման առաջին քայլը առաւ։ Ուրախութեան անդիմադրելի ալիք մը ողողած էր բոլորին դէմքերը, կոխելով այն հողին վրայ, ուր վաղը պիտի բարձրանայ երկնասլաց գմբէթը, մեսրոպաշունչ օճախը, եւ ձեռնարկներով հայ կեանքը ճոխացնող կեդրոնը։
Արարողութեան յաջորդեց եկեղեցւոյ 57րդ տարեդարձի հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Ազգային Առաջնորդարանի Արժանեաց գնահատագրով պարգեւատրուեցաւ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան, իսկ գնահատագիր ստացաւ տիկ. Նորա Գասպարեան։ Տիար Կարպօ Աֆարեան ստացաւ հոգեւոր հովիւի գնահատագիր։
Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Արամ Սարաֆեանի միամեայ ամփոփ զեկոյցէն, եւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեանի եկեղեցւոյ Մարմիններուն ուղղուած գնահատանքի խօսէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, դրուատեց գաղութին ներդաշնակ գործակցութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւնը նոր երազներու իրագործման ճամբուն վրայ։
Մէջընդմէջ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր գործադրուեցաւ, եւ հոգեւոր հովիւի «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ ձեռնարկը։
Կիրակի, 14 առաւօտ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւոր հովիւին հետ եկեղեցւոյ մէջ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտութեան հետ աղօթքի սրտառուչ պահ մը ապրեցան։ Օրուան Աւետարանի ընթերցումէն մեկնելով, որով Քրիստոս մանուկները օրինակ կը ներկայացնէր չափահասներուն, Սրբազան Հայրը ջերմիկ փորձառութիւն ունեցաւ, երբ աշակերտներուն ուղղելով խօսքը, հարցուց անոնց, թէ Յիսուս ի՞նչ տեսած էր մանուկներուն մէջ։ Անոնք պատասխանեցին՝ անմեղութիւն, բարի սիրտ, հնազանդութիւն, եւն.։ Իր կարգին, երբ ան աւելցուց նաեւ հաշտութեան հոգի եւ հարցուց աշակերտներուն, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաշտութիւն, երեքուկէս տարեկան Նայիրին մատը բարձրացնելով ըսաւ՝ «երբ երկու հոգի նեղուած են իրարու հետ, ասանկ կ՛ընեն», եւ իսկոյն փաթթուկ տալով կողքը նստածին, ուսուցիչները, ծնողներն ու հոգեւոր հայրերը յուզումի մատնեց․․․
Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Առաջնորդ Հայրը դպիր ձեռնադրեց Անդրանիկ եւ Պօղոս Թաթառեանները, եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը հաւատարմութեամբ գործադրելու փոքր պարտականութիւններ, որոնք ի վերջոյ կ՛առաջնորդեն պատասխանատու պաշտօններու։