Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 20 Նոյեմբեր, 1830)

Ռափայէլ Պատկանեան, նաեւ ծանօթ՝ Գամառ-Քաթիպա գրչանունով, 19րդ դարու հայրենասիրական բանաստեղծութեան ամենէն ծանօթ ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է արեւելահայ իրականութեան մէջ։ Իր կարգ մը գործերը մինչեւ օրս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող երգերու վերածուած են։

Պատկանեան ծնած է 20 Նոյեմբեր, 1830ին, Նոր Նախիջեւանի (Տոնի Ռոստովի շրջան) մէջ։ Որդին էր յայտնի բանաստեղծ, արձակագիր ու հանրային գործիչ Գաբրիէլ Պատկանեանի։ Իր սկզբնական կրթութիւնը ստացած է հօր դպրոցին մէջ եւ 1843-49ին սորված է Լազարեան ճեմարանին մէջ։ 1850ին մեկնած է Թիֆլիս:

Առաջին ստեղծագործութիւնները՝ «Պանդուխտ հայ ի Փարէզ», «Զարմայր նահապետի մահը» (վիպերգեր), «Առաւօտեան երգ շինականաց», «Երեկոյեան երգ շինականաց» (բանաստեղծութիւններ), լոյս տեսած են 1850-51ին հօր հրատարակած «Արարատ» շաբաթաթերթին մէջ: Առաջին գործին մէջ, Պատկանեան Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր՝ Լեւոն Ե.ի կերպարը նոյնացուցած է հայրենիքի, ազգի եւ ազգային ինքնագիտակցութեան գաղափարներուն հետ, յառաջ քաշելով հայրենիքի անկախութեան եւ Հայաստանը օտարի լուծէն ազատագրելու խնդիրները։ Երկրորդ վիպերգը, որ հնագոյն շրջանի հայոց պատմութենէն առնուած դրուագ մըն է (Զարմայր նահապետը, ըստ Մովսէս Խորենացիի, մասնակցած է Տրովադայի պատերազմին), նոյնպէս հայրենիքը գովերգող պատգամի կը վերածուի։ Պատկանեան նկատուած է հայ քաղաքացիական բանաստեղծութեան հիմնադիրներէն մէկը։

1851ին, ուսանած է Դորպատի համալսարանին մէջ, ուր գրած է ուրախութեան, գինիի, վայելքի, ինչպէս նաեւ հեռաւոր հայրենիքի փառաբանական տրամադրութիւններով բանաստեղծութիւններ, իսկ նոյն տարին անցած է Մոսկուայի համալսարանի բժշկական ճիւղը։ 1852ին, Գամառ-Քաթիպա ընկերութիւնը (կոչուած է երեք հիմնադիրներու անուններու եւ մականուններու առաջին տառերու գործածութեամբ) հիմնած է ուսանողներ Գ. Քանանեանի և Մ. Թիմուրեանի հետ։  Գամառ-Քաթիպայի տետրակները լոյս ընծայելու համար, 1854ին Պատկանեան տեղափոխուած է Փեթերսպուրկ, մտնելով տեղւոյն համալսարանի արեւելեան ճիւղի հայ-վիրա-թաթարական բաժինը, զոր աւարտած է 1866ին: 1855ին լոյս տեսած է Գամառ-Քաթիպայի առաջին պրակը՝ «Գրէ այնպէս, ինչպէս որ խօսում են, խօսէ այնպէս, ինչպէս որ գրում են» բնաբանով: Պատկանեան  ձգտած է իր խօսքին տալ ժողովուրդին հարազատ ու կենդանի արտայայտութիւն: Այս հայեացքը իր ցոլացումը գտած է շատ յայտնի իր բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ «Արաքսի արտասուքը» եւ «Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի մահը», երկուքն ալ գրուած 1856ին։

1857ին Պատկանեան անդամակցած է «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակցութեան, որուն նպատակն էր Հայաստանի ազատագրումը թրքական դարաւոր լուծէն։ 1863-64ին հրատարակած է «Հիւսիս» շաբաթաթերթը, ուր նկարագրած է Զէյթունի հերոսամարտի (1862) դրուագները։ 1864ին հրատարակած է իր առաջին՝ «Բանաստեղծութիւնք» հատորը։

1866ին մեկնած է Նոր Նախիջեւան, ուր, կրթական աշխատանքներուն զուգընթաց, շարք մը գործեր գրած է տեղւոյն բարբառով։ 1875ին թուրք բռնապետութեան դէմ Հերցեկովինայի եւ Պոսնիոյ մէջ սլաւոններու ապստամբութեան լուրը ներշնչած է Պատկանեանը՝ «Ազատ երգեր» բանաստեղծութիւններու շարքը։ Ան շարունակած է ստեղծագործել նպյն ոգիով Պերլինի համաժողովէն ետք (1878) տիրող ծանր հիասթափութեան տարիներուն։

1880ին, Պատկանեանի ջանքերով Նոր Նախիջեւանի մէջ հիմնադրուած է արհեստագործական դպրոց, որ աղքատ երեխաներուն կարելիութիւն տուած է,  տարրական գիտելիքներու զուգընթաց, արհեստներու տիրապետելու եւ անվճար սնունդ ու հագուստ ստանալու: Պատկանեան այդ դպրոցի տնօրէնը եղած է մինչև իր կեանքի վերջը։ Հրատարակած է «Մանկական երգեր» (1880) եւ «Բանաստեղծութիւնք» (1881) հատորները։ Գրած է նաեւ շարք մը դասագիրքեր, ինչպէս եւ երգիծական պատմուածքներ Նոր Նախիջեւանի բարբառով։

Մահացած է 3 Սեպտեմբեր, 1892ին, Նոր Նախիջեւանի մէջ։ Յետ մահու լոյս տեսած է «Բանաստեղծութիւններ» հատորը (1893) եւ եռահատոր «Ընտիր երկասիրութիւններ»ը (1893-1904)։